ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԱՆ 70-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան սանուց միութիւնը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանը եւ այս առթիւ մշակուած է մասնաւոր ծրագիր մը։ Նախընթաց օր, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու այդ կառոյցի հովանիին տակ գործող «Մարալ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեցին 70-ամեակի առթիւ նախատեսուած գործունէութիւններուն շուրջ։ Թէեւ մինչեւ տարեվերջ պիտի շարունակուին այդ ձեռնարկները, սակայն մեր զրուցակիցները մեզի մանրամասնութիւններ փոխանցեցին առաջին հերթին նախատեսուածներուն առընչութեամբ։
Ներկայ ամսուան վերջաւորութեան Էսաեան սանուց միութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ միջվարժարանային պարի մրցոյթ մը։ Միջնակարգերու համար նախատեսուած ձեռնարկ մըն է այս մէկը, որուն պիտի մասնակցին տասն համայնքային վարժարաններ։ Այս մրցոյթի աւարտականը եւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը Ապրիլի առաջին կէսին նախատեսուած է Շիշլիի քաղաքապետութեան «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։
Բաց աստի, Մայիս ամսուան սկիզբին «Մարալ» համոյթը հանդէս պիտի գայ ելոյթով մը՝ ի նշանաւորումն Էսաեան սանուց միութեան 70-ամեակին։ Կարպիս Չափքանի սաները նոր յայտագիր մը պիտի ներկայացնեն մեր գեղարուեստասէրներուն։ Արամ Կոստանեանի բեմադրութեամբ պիտի իրականացուի ձեռնարկը, որու կարգադիր յանձնախումբը կը գլխաւորէ երէց սերունդէ համակրելի անուն մը՝ Սելմա Իսքենտէրէօզ։ Ծրագրին մաս պիտի կազմեն Կոմիտասի, Արամ Խաչատուրեանի, Սայաթ Նովայի, Խաչատուր Աւետիսեանի նման մեծերու գործերը։ Վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացով՝ Հայաստանէն տասներկու հոգիէ բաղկացեալ նուագախումբ մը պիտի միանայ «Մարալ»ի ձեռնարկին, Հարկ Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ։ Նոյնպէս Հայաստանէն երկու մենակատարներ ալ մասնակցութիւն պիտի բերեն յայտագրին։
Մարիամ Տրամէրեան եւ Կարպիս Չափքան մեզի յայտնեցին, որ Էսաեան սանուց միութեան 70-ամեակի ծրագիրը նոր շունչ մը պիտի բերէ մեր մշակութային կեանքին ու նոր հնարաւորութիւններ պիտի ընձեռէ մեր մշակութասէր հասարակութեան։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024