ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Իս­թան­պու­լա­հայ զա­նա­զան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու տիկ­նանց կազ­մե­րու եւ վար­ժա­րան­նե­րու ծնո­ղաց միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ կա­նայք ե­րէկ Մար­տի 8-ի առ­թիւ հա­մախմ­բուե­ցան Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ «Կիւլ­պէն­կեան» սրա­հի մէջ սար­քուած սի­րոյ սե­ղա­նով ա­նոնք նշե­ցին Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րը։ Ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան հիւ­րըն­կալ Սկիւ­տա­րի տիկ­նա­նաց կազ­մի ա­տե­նա­պե­տու­հի Թա­գու­հի Հա­լա­ճեան եւ Թա­գու­հի Կիւլ, որ կը գլխա­ւո­րէ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րը հա­մա­կար­գող մար­մի­նը։

Սի­րոյ սե­ղա­նի ա­ւար­տին տիկ­նանց կազ­մե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը խորհր­դակ­ցե­ցան այս ե­ղա­նա­կի ձեռ­նարկ­նե­րու ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցին շուրջ։

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2017