ԱՐՏԱՍՈՒՔԻ ՕՐԵՐ

Թրքահայ համայնքը խոր սուգի մէջ է։ Երէկ կէսօրուան ժամերուն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ վախճանեցաւ Թուրքիոյ հայոց 84-րդ Պատրիարք Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեան, որ տասնմէկ տարիէ ի վեր կը տառապէր «տեմանս»է եւ երկար ժամանակէ ի վեր արդէն բուսական կեանք կ՚ապրէր՝ շնչելով ու սնուելով արհեստական ձեւով։ Հիւանդանոցի աղբիւրները հաղորդեցին, որ անակնկալօրէն կանգ առած էր Նորին Ամենապատուութեան սիրտը եւ այսպէսով ան հոգին աւանդած՝ Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ։

Մինչ բօթը երէկ կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ, մեր համայնքն ալ մատնուեցաւ խոր սուգի։ Սա թէեւ անխուսափելի, սակայն անմխիթար վախճան մըն է։ Թէեւ շուրջ տասնմէկ տարիէ ի վեր ծանր եւ անբուժելի հիւանդութենէ մը կը տառապէր Մեսրոպ Պատրիարք, որեւէ յոյս չկար իր պարագային, սակայն վէճէ դուրս է, որ իր կորուստը անժամանակ է, որովհետեւ ան տակաւին 63 տարեկան էր։ Եթէ հաշուի առնենք, որ այդ 63 տարիներու վերջին աւելի քան տասն տարիներն ալ գերեվարուած էին հիւանդութենէ, ապա միանշանակ է, որ իր կեանքը եղաւ շատ կարճ եւ իր կորուստն ալ դժբախտաբար անժամանակ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ կէսօրուան ժամերուն ի Տէր հանգաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ, ուր կը խնամուէր երկար ժամանակէ ի վեր։ Բնականաբար, համայնքային կեանքի օրակարգը ակնթարթի մը մէջ յեղաշրջուեցաւ։ Արտասուքի օրեր սկսան մեր համայնքին տեսակէտէ։ Այժմ յուշերու քաղցրութեան ընդմէջէն անխուսափելի դառնութիւն մը համակած է մեր հաւաքական կեանքը, ուր առկայ ծանր մարտահրաւէրը հերթական անգամ օրակարգի վրայ կը բերէ միասնականութեան անյետաձգելի հրամայականը։ Մեր համայնքը աւելի քան տասն տարիէ ի վեր կ՚ապրէր միջանկեալ, անցումային ժամանակաշրջան մը, որու հետեւանքները եղան ծանր։ Այսօր բեւեռացումներէ, պառակտումներէ կը տառապի մեր համայնքը եւ նորոգ վախճանեալ Մեսրոպ Պատրիարքի սուգը ահա կու գայ հասարակաց յայտարար մը դառնալ, որպէսզի ան ունենայ հարթակ մը, հնարաւորութիւն մը վերականգնելու համար իր միասնականութիւնը եւ այդպէսով նաեւ թօթափելու համար այս ծանր ժամանակաշրջանի հետեւանքները։ Մեսրոպ Պատրիարքի կերպարը այսօր առաջին իսկ քայլափոխին նոր հորիզոն մը կ՚ուրուագծէ մեր համայնքին առջեւ։ Ճիշդ է, որ այսօրուան այգաբացին ան այլեւս մեզի հետ չէ, սակայն իր յիշատակը, բարոյական ներկայութիւնն ու թողած աւանդը իսկապէս միասնական պարտադրանք մը կը ստեղծեն մեր համայնքին տեսակէտէ, եթէ անշուշտ այդ բոլորին նկատմամբ յարգանքին մէջ անկեղծութեան պակաս մը չկայ։

Երէկ, երբ վախճանեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, բօթը անմիջապէս հաղորդուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անմիջապէս հեռաձայնով կապ հաստատեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։ Վերահասու դառնալով դառն կացութեան՝ Վեհափառ Հայրապետը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած հոգելոյս պատրիարքի հոգւոյ խաղաղութեան համար ու փոխանցեց իր բարոյական զօրակցութիւնը։ Ընդհանուր փոխանորդը նոյն կապակցութեամբ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Արք. Կաթողիկոսին հետ։ Գումգաբուի աղբիւրներն ալ պաշտօնապէս հաղորդեցին, որ Պատրիարքարանը Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանման մասին տեղեկութիւն փոխանցած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռներուն։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ երէկ անմիջապէս արձագանգեց Նորին Ամենապատուութեան մահուան։ Նախագահ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ՝ յայտնելով իր ցաւակցութիւնները։ Հարկ է նշել, որ ընդհանուր փոխանորդը երէկ կարեւոր առաքելութեամբ մեկնած էր Տիարպաքըր, ուր ներկայիս կը սկսի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքը։ Նախագահ Էրտողանն ալ այսօր կ՚այցելէ Տիարպաքըր եւ իր այցով նախատեսուած էր քաղաքի պատմական կեդրոնի սրբավայրերու նորոգութեան խնդրի բարձր մակարդակի վրայ աչքէ անցուիլը։ Այս շարժառիթով Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեկնած էր Տիարպաքըր, սակայն այժմ իր ներկայութիւնը բոլորովին տարբեր բնոյթ մը ստացած է։ Արդարեւ, Տիարպաքըրի մէջ կը նախատեսուի հանդիպում մը նախագահ Էրտողանի եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի միջեւ։ Քաղաքի կուսակալութեան երդիքին տակ տեղի պիտի ունենայ տեսակցութիւնը, որով Հանրապետութեան նախագահը ուղղակիօրէն ընդհանուր փոխանորդին պիտի յղէ ցաւակցութիւնները՝ Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանման կապակցութեամբ։ Հարկ է նշել, որ Էրտողան ընկերային ցանցերու վրայ ալ հրապարակած է ցաւակցական մը, ընդ որում թէ՛ արեւելահայերէնով եւ թէ արեւմտահայերէնով։

Բաց աստի, ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Պինալի Եըլտըրըմն ալ երէկ երեկոյեան այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց՝ ցաւակցութիւն յայտնելու նպատակով։ Եըլտըրըմ հիւրընկալուեցաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ իր գործակիցներուն ու մեր համայնքէն բազմաթիւ դէմքերու հետ։ Ան Ազգային հիւանդանոցի մէջ վշտակցութիւններ յայտնեց տիրամայր Մարի Մութաֆեանին։

 Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վախճանման զուգահեռ այսօր Պատրիարքական Աթոռի Կրօնական ժողովի արտակարգ նիստ մը կը գումարէ՝ յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգի վերաբերեալ պարագաները յստակեցնելու համար։ Նկատի ունենալով, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր երեկոյեան ժամերուն պիտի վերադառնայ քաղաքս՝ Կրօնական ժողովի նիստն ալ պիտի գումարուի ուշ ժամերուն։ Յառաջիկայ շաբթուընէ սկսեալ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Պատրիարքարանի մէջ ցաւակցական այցելութիւնները պիտի ընդունի ամէն օր ժամը 10.00-16.00-ի միջեւ։

ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՕՐ ՍՈՒԳ

Նորին Ամենապատուութեան վախճանման զուգահեռ այժմ դարձեալ անխուսափելիօրէն օրակարգի վրայ կու գայ պատրիարքութեան ընտրութեան հարցը։ Տեղական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ ուշադրութիւն կը կեդրոնացնեն այս հարցին վրայ։ 2016 թուականի Հոկտեմբերին Մեսրոպ Պատրիարք Եկեղեցական համագումարի որոշումով կոչուած էր հանգստեան։ Յամենայնդէպս այդ քայլը չէր ունեցած իր տրամաբանական շարունակութիւնը։ Ուստի, Նորին Ամենապատուութեան վախճանումով ներկայիս Պատրիարքական Աթոռը սուգի մէջ է։ Քառասնօրեայ այս սուգի շրջանէն վերջ արդէն ինքնաբերաբար պիտի սկսի նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը։

Շաբաթ, Մարտ 9, 2019