ԵՐԱԽՏԱՇԱՏ ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հանդիսապետութեամբ, երէկ, Շիշլիի գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման յատկանշական արարողութիւն մը։ Այսպէս, Պատրիարքական Աթոռի նախորդ երեք երջանկայիշատակ գահակալներուն՝ Տ. Շնորհք Արք. Գալուստեանի (82-րդ), Տ. Գարեգին Արք. Գազանճեանի (83-րդ) եւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի (84-րդ) հոգւոցն ի հանգիստ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Ինչպէս ծանօթ է, այս երեք երջանկայիշատակ պատրիարքները, թէեւ իրարմէ բաւական տարբեր ժամանակներու մէջ, սակայն Մեծ պահոց շրջանին, մարտ ամսուան առաջին տասնօրեակին մէջ վախճանած են եւ անոնց մահուան տարելիցները գրեթէ կը համընկնին։ Ուստի, անոնց շիրիմներուն վրայ երէկուան հոգեհանգստեան կարգը տեղի ունեցաւ նոյնաժամանակ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու գրեթէ բոլոր անդամները ներկայ գտնուեցան արարողութեան։ Մասնակիցներու շարքին էին նաեւ համայնքային վարիչներ եւ հաւատացեալներ, որոնք երախտագիտութեամբ վերյիշեցին հոգելոյս պատրիարքները։ Յամենայնդէպս, քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած իրավիճակին հետեւանքով ոգեկոչումը նախատեսուած էր սահմանափակ մասնակցութեամբ։ Արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բիւր յարգանքով դիպուկ արտայայտութիւններ ունեցաւ իր նախորդներուն մասին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Նորին Ամենապատուութեան խօսքին սղագրութիւնը։

*

Դէմքերու առջեւ յարգանքի մեր տուրքը կը մատուցանենք եւ մեր աղօթքները կը բարձրացնենք առ Աստուած։ Թէեւ մեր այս երեք սիրելի պատրիարքներու մահուան թուականները տարբեր են եւ երկար տարիներ կան անոնց միջեւ, սակայն զիրենք ճանչցողներու յիշողութեան մէջ ամէնուն յիշատակը թարմ է, որովհետեւ մեր սիրելիներու յիշատակները չեն մեռնիր, մեր անմահ հոգիներուն մէջ իրենք նաեւ միշտ անմահապէս կ՚ապրին եւ մեր մէկ կտորը ըլլալ կը շարունակեն։ Իրապէս, ինչպէս որ 84 պատրիարքները՝ այս փառաւոր շղթան, անոր վերջին երեք ոսկեայ օղակները կը կազմեն Շնորհք, Գարեգին եւ Մեսրոպ պատրիարքները։ Բախտ ունեցած ենք զանոնք մօտէն ճանչնալու, իրենց աշակերտը դառնալու եւ իրենց ձեռնասուն ըլլալու։ Մենք մեր անձին մէջ շատ բաներ կը կրենք իրենցմէ։ Իրենք թանկագին, անգնահատելի ժառանգ մը թողեցին թէ՛ մեզի անձնապէս եւ թէ մեր համայնքին, մեր եկեղեցիին եւ համայնքային կառոյցներուն։ Մարդուն կեանքը առեղծուածային է. պահ մը կայ, յետոյ կ՚անհետանայ։ Հողը, անգութը ինչ որ տուած է մեզի, ետ կը խլէ, սակայն եւ այնպէս, մեր կեանքի ընթացքին առիթներ ունինք ուրիշներուն ծառայելու, սէրը բազմապատկելու, ներելու, ողջագուրուելու, շինելու եւ կերտելու։ Այս երեք անձնաւորութիւնները մեզի օրինակ հանդիսացան։ Իրենք զոհուած կեանքեր ապրեցան՝ իրենց ազգին, իրենց եկեղեցիին, իրենց համայնքին համար։ Անոնք քարոզեցին, գրեցին, աշակերտներ հասցուցին, օրինակելի քրիստոնեաներ եւ առաջնորդներ եղան։ Այնպէս, որ ի զուր չանցաւ իրենց կեանքը։ Մենք տարին մի քանի անգամ իրենց շիրիմին առջեւ կու գանք եւ մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցանենք։ Ժամանակը իրենց յիշատակը փոշիներու տակ պահելու կը սկսի։ Մեր պարտականութիւնն է այդ փոշիները երբեմն-երբեմն մաքրել, վերստին պանծացնել իրենց յիշատակը, որպէսզի մենք վերստին ներշնչուինք իրենց կեանքերէն եւ մենք մեր պարտականութիւնը կատարենք եւ իրենց պէս հանգիստ խիղճով, արդար վաստակով մեր Տիրոջ առջեւ կարողանանք կանգնիլ։ Այնպէս որ մենք ո՛չ միայն պարտականութիւն ունինք իրենց շիրիմներուն առջեւ կանգնելու, աղօթելու, իրենց համար հոգեհանգիստ կազմակերպելու, այլեւ մենք իրաւունք ունինք վերստին յիշելու զիրենք, վերստին յիշելու եւ օգտուելու։ Թէեւ իրենք ննջած են, սակայն իրենք կը շարունակեն աղօթել մեզի համար եւ իրենց թողած ժառանգութեամբ տակաւին կ՚ազդեն մեր վրայ։

Սիրելի Մեսրոպ Պատրիարքը երկու տարի առաջ կորսնցուցինք, արդէն մենք յուշամատեանի մը պատրաստութիւնը ունինք Պատրիարքարանի մէջ։ Պատկառելի հատոր մը լոյս պիտի տեսնէ՝ իր կարողութիւնները, իր մասին ըսուածները ցոլացնելով։ Այնպէս որ մենք զիրենք յիշելով՝ մենք մեզ չենք մոռնար։ Հետեւաբար այդ ծառայութիւնը նաեւ իրենք կը շարունակեն յետմահու։ Աստուած իրենց հոգիները լուսաւորէ։ Լոյսերու մէջ պառկին, ինչպէս որ կ՚ըսեն. «Յիշատակն արդարոց, օրհնութեամբ եղիցի»։

Երեքշաբթի, Մարտ 9, 2021