ՎԱԳԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ԱՐՏԱԴՐԱՆՔԸ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ «ՖԵՍՀԱՆԷ»Ի ՄԷՋ
«Ֆեսհանէ»ի համալիրէն ներս այս օրերուն տեղի կ՚ունենան «Հաթայի օրեր»։ Երէկ սկսած այս ձեռնարկը պիտի շարունակուի մինչեւ շաբաթավերջ։ Այս շրջագծով տաղաւար մըն ալ յատկացուած է Վագըֆլըգիւղին։ Ներկայ դրութեամբ Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղն է այս մէկը, ուստի անոր վերաբերեալ իրադարձութիւնները անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան թէ՛ մեր համայնքին եւ թէ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն կողմէ։
«Ֆեսհանէ»ի մէջ Վագըֆլըգիւղի տաղաւարին մօտ ներկայացուած է գիւղի հարուստ արտադրանքը։ Գիւղի բնակիչ տիկնանց կողմէ պատրաստուած անուշները, օճառները, օշարակները եւ խմիչքները կ՚արժանանան այցելուներու ուշադրութեան։ Մինչեւ շաբաթավերջ բաց պիտի մնայ Վագըֆլըգիւղի տաղաւարը եւ վագըֆլըգիւղցիները կոչ կ՚ուղղեն, որպէսզի Իսթանպուլի մեր համայնքի անդամները եւս այցելեն այդ ճոխ տաղաւարը։ Տաղաւարի այս օրերուն հասոյթը պիտի տրամադրուի գիւղի շինարարական ծրագրերուն։ Ինչպէս ծանօթ է, Վագըֆլըգիւղի մէջ ներկայիս ընթացքի մէջ է շինարարական շատ կարեւոր ծրագիր մը, որու աւարտին գիւղը պիտի օժտուի հա-մալիրով մը, ուր հովուատան մը առընթեր պիտի գտնուի տարածք մը՝ որպէս արտադրամաս օգտագործման նպատակով։
«Ֆեսհանէ»ի մէջ, Էյիւպ, Վագըֆլըգիւղի տաղաւարը կը վերահսկեն Պետրոս Քէհեաօղլու, Թանիա Չափար, Ամելիա Շիրին եւ Ճան Շիրին։ Վագըֆլըգիւղցիներու միութեան վարչութեան ատենապետուհի Վարդուհի Քիւչիւքմսըրլեանն ալ միացած է անոնց, որպէսզի տաղաւարի մօտ մատուցուած ծառայութիւնը չկաղայ։ Վագըֆլըգիւղցիներուն կը զօրակցի նաեւ մեր ազգայիններէն Միհրան Ուլիկեան, որ երկար տարիներէ ի վեր իր անմիջական հոգածութեան առարկայ դարձուցած է այս գիւղը։