ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ԱՍՈՒԼԻՍ՝ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Հա­մաշ­խար­հա­յին թատ­րո­նի օ­րուան առ­թիւ Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի միջ­նա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ա­սու­լիս մը, ո­րու ա­տե­նա­խօս­ներն էին մեր բե­մե­րէն եր­կու հա­մակ­րե­լի դե­րա­սան­ներ՝ Ա­րա­րատ Մոր եւ Գրի­գոր Տինչ­քա­յըք­ճը։ Ծրա­գի­րը պատ­րաս­տուած էր ու­սուց­չու­հի Թա­լին Կա­րիպ­կիւ­նի կող­մէ, որ թատ­րո­նի ա­կում­բի պա­տաս­խա­նա­տուն է։

Այս եր­կու դե­րա­սան­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ պաս­տա­ռի ցու­ցադ­րու­թիւ­նով մը սկսաւ ձեռ­նար­կը, ո­րու տե­ւո­ղու­թեան ա­նոնք ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ զրու­ցե­ցին ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ եւ պա­տաս­խա­նե­ցին ի­րենց ուղ­ղուած հար­ցում­նե­րուն։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2016