ՇԻՇԼԻԻ ՎՈԼԷՅՊՈԼԻ ԵՒ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Շիշլի մարզակումբի գործունէութիւնը վերջին շաբաթներուն կը շարունակուի ամբողջ թափով։ Տարիներէ ի վեր կազմակերպուող եւ արդէն վաղուց աւանդական դարձած վոլէյպոլի եւ պասքեթպոլի ձմրան դասընթացքները կը շարունակուին յաջողութեամբ։ Վոլէյպոլի եւ պասքեթպոլի դասընթացքներուն զուգահեռ կը կազմակերպուին նաեւ զանազան մրցաշարքեր։ Այդ մրցաշարքերը ձօնուած են ակումբի անցեալի տիրական անուններէն հոգելոյս Ղազարոս Ունանի, Արման Մանուկեանի եւ Տիգրան Սարկաւագեան-Արզուեանի յիշատակին։

Պասքեթպոլի մէջ Շիշլիի առաջին կազմը ներկայ եղանակը աւարտեց՝ մաս կազմելով իր դասաւորման առաջին չորս խումբերու շարքին։ Շիշլիի ֆութսալի կազմն ալ ներկայիս բուռն պատրաստութիւններ յառաջ կը տանի՝ յառաջիկայ ամիս սկսելիք եղանակի խաղերուն ընդառաջ։

Ճատրակի մէջ ալ Շիշլի մարզակումբը վերջերս յատկանշական ձեռնարկ մը կազմակերպեց։ Ճատրակի աշխարհի յայտնի վարպետներէն Սելիմ Չըթաք եւ Կէօրքէմ Սիվրի անցեալ շաբաթավերջին Շիշլի մարզակումբի մէջ մասնակցեցան բանախօսութեան մը։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ ճատրակի պատմութեան վերաբերեալ գործեր կը հեղինակեն։ Սելիմ Չըթաք եւ Կէօրքէմ Սիվրի «Ճատրակի պատմութիւն» խորագրեալ հաւաքոյթի մը մասնակցեցան եւ «Անալիզ» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած ճատրակի աշխարհի հին առաջնութիւններու վերաբերեալ շարքի առաջին հատորին շուրջ տուին բացատրութիւններ։

Միւս կողմէ, Շիշլի մարզակումբի վարչայինները այժմէն նախապատրաստական աշխատութիւններու ձեռնարկած են՝ յառաջիկայ ամրան վոլէյպոլի եւ պասքեթպոլի դասընթացքներու համար։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2019