ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը փուլ առ փուլ կը գործադրէ Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած յոբելենական ծրագիրը։ Այս ամբողջէն ներս, անցեալ շաբթուան մէջ, դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ բանակցութիւն մը, որու զուգահեռ կազմակերպուած էր լուսանկարչական ցուցահանդէս մը։ Օրուան ատենախօսն էր յայտնի անուն մը՝ լուսանկարիչ Թուրկայ Թունա, որ միեւնոյն ժամանակ թարգմանիչ է, ուղեցոյց եւ հեղինակ ուսումնասիրութիւններու։ Թուրկայ Թունայի Տատեան վարժարանէն ներս մասնակցած ձեռնարկը խորագրուած էր՝ «Մաքրիգիւղէն դէպի Այասթեֆանոս»։

Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ իր գործակից ընկերները, դպրոցի ուսուցչական կազմը, ծնողներ, համակիրներ, հիւրրեր, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ մշակութասէրներ։ Հերմինէ Պենլիօղլուի կողմէ գլխաւորուած կարգադիր յանձնախումբը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլորը։

Երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ։ «Արէտ-Մոնիք Երկանեան» մուտքասրահին մէջ կատարուեցաւ Թուրկայ Թունայի լուսանկարներուն ցուցադրութիւնը։ Ձեռնարկի մասնակիցները նախ տեսան Թուրկայ Թունայի լուսանկարները եւ աւելի վերջ հետեւեցան բանախօսութեան։ Այս առթիւ բանախօսը բազմակողմանի տեղեկութիւններ տուաւ Տատեան բարեհամբաւ գերդաստանի անդամներուն, ծաւալած գործունէութեան եւ պատմութեան մէջ անոնց կողմէ տարուած աշխատանքի նշանակութեան առընչութեամբ։ Թուրկայ Թունա լայնածաւալ տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցիներու կառուցման կապակցութեամբ։

Այս բանախօսութենէն քանի մը օր առաջ ալ, 30 հոգիէ բաղկացեալ ծնողաց միութեան խումբը կատարեց շրջայց մը Պաքըրգիւղի եւ Եշիլգիւղի մէջ՝ հաղորդ դառնալով այդ թաղերու պատմական անցեալին։

Երեկոյթի ընթացքին Թուրկայ Թունա պատասխանեց նաեւ ներկաներու զանազան հարցումներուն։

Ձեռնարկի աւարտին Հերմինէ Պենլիօղլու յուշանուէր մը յանձնեց երեկոյթի ատենախօսին։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2019