ԱՐԷՏ ԿԸՃԸՐԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Արէտ Կըճըրի անհատական երրորդ ցուցահանդէսը՝ «Օրէ օր», 7 Մայիս-4 Յունիս 2016 թուականներու միջեւ կը կայանայ Ղալաթիոյ յունաց վարժարանին մէջ։ Բացումը կատարուեցաւ Շաբաթ օր՝ ի ներկայութեան այցելուներու ընտիր բազմութեան մը։ Այս առթիւ «Արաս» հրատարակչատան կողմէ լոյս ընծայուած է նաեւ շքեղ պատկերագիրք մը, ուր տեղ տրուած է երիտասարդ մտաւորական Ռոպէր Քոփթաշի ու արուեստաբան Էվրիմ Ալթուղի յօդուածներուն (երեք լեզուներով՝ թրքերէն բնագրի կողքին նաեւ հայերէն ու անգլերէն թարգմանութիւններով)։
Տաղանդաւոր արուեստագէտը «Օրէ օր» խորագրեալ այս ցուցահանդէսով, կը մեկնի «ֆրոնթօթեմփորալ տեմանս»էն, որ բժշկական անուանումն է Պոյսոյ հայոց Մեսրոպ Բ. Պատրիարքը տարիներէ ի վեր անգիտակից վիճակի մը մէջ անկողնին գամած հիւանդութեան, եւ կը սեւեռէ յիշողութիւնը, պատմութիւնը, մոռացումը եւ ժամանակը՝ առկախուած կեանքի ու մահուան միջեւ։
Ցուցահանդէսը, որ իր անունը կ՚առնէ վաղամեռիկ բանաստեղծ Կարպիս Ճանճիկեանի հրատարակուած առաջին քերթուածէն, որպէս զուգահեռ հոլովոյթներ կը յղանայ պատրիարքին փակ գիտակցութիւնը եւ այս նիւթին շուրջ հիւսուող յերիւրանքներն ու տագնապած հանրային յիշողութեան օրէ օր թառամիլը։
1978-ին ծնած Արէտ Կըճըր 2008-ին աւարտած է Երեւանի Գեղարուեստից պետական ակադեմիոյ գեղանկարչութեան բաժինը։ «Երեւան» խորագրեալ անհատական առաջին ցուցահանդէսը 2009-ին կայացած է Թոքաթլեան խանի մէջ։ 2013-ին մասնակցած է Moon and Stars Project - SVA-ի Նիւ Եորքի արուեստագէտներու կեցութեան։ Արուեստագէտին անհատական երկրորդ ցուցահանդէսը՝ «Ընդ հուր եւ ընդ սուր» խորագրով, 2015-ին իրականացաւ Öktem&Aykut-ի մօտ, որ կազմակերպիչն է նաեւ այս ցուցահանդէսին։ Արէտ Կըճըր կը շարունակէ ստեղծագործել Իսթանպուլի մէջ։