ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նախմ­բու­թիւ­նը կա­յա­ցաւ ե­րէկ, նա­խա­գա­հու­թեամբ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­մայն­քի Վի­ճա­կա­ւոր Տ․ Լե­ւոն Արք․ Զէ­քիեա­նի։ Օ­րուան պա­տա­րա­գիչն էր Հ․ Աբ­րա­համ Ծ․ Վրդ․ Ֆը­րա­տեան։ Ս․ Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Տ․ Յա­կոբ Սրկ․ Մի­նա­սեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց Ոս­կե­բե­րան երգ­չա­խում­բը՝ խմբա­վա­րու­թեամբ Զա­ւէն Ա­կա­յի։ Ա­րա­րո­ղու­թեան կը հե­տե­ւէին Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Կա­րա­պետ Մխա­լեան, տնօ­րէն Շա­հին Չը­նար, Խնա­մա­տար մարմ­նի ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Էօ­տիւլ, Ս․ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պեռ­նար Սա­րը­պայ եւ ըն­կեր­նե­րը, Ա­նա­րատ Յղու­թեան քոյ­րե­րը՝ Հեն­րիէթ Էօզ­թաշ­ճը, Ռո­զա­լին Պառ­նո­թի ու Հայ­կու­հի Մի­մար, ինչ­պէս նաեւ վար­ժա­րա­նէն ու­սու­ցիչ­ներ ու ա­շա­կերտ­ներ։ Իր քա­րո­զին մէջ, Գե­րա­պայ­ծա­ռը բարձր գնա­հա­տեց Ա­նա­րատ Յղու­թեան յար­կէն ներս տա­րուած աշ­խա­տան­քը եւ մաղ­թեց յա­րա­տե­ւու­թիւն ու ա­րեւ­շա­տու­թիւն բո­լոր նուի­րեալ­նե­րուն ու սա­տա­րող­նե­րուն։ Ան յի­շե­ցուց, թէ ե­կե­ղե­ցին կը տօ­նախմ­բէ Բ․ Ծաղ­կա­զար­դը, որ կա­րե­ւոր օր մըն է։ Այս առ­թիւ ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տու­թեան հաս­տա­տա­գիր յանձ­նուե­ցաւ նաեւ տեղ­ւոյն հո­գե­ւոր հո­վիւ Հ․ Աբ­րա­համ Ծ․ Վրդ․ Ֆը­րա­տեա­նին, որ ծայ­րագ­նու­թեան պա­տուին ար­ժա­նա­ցած էր ան­ցեալ տա­րի։

Յա­ւարտ Ս․ Պա­տա­րա­գի ո­գե­կո­չուե­ցաւ Ե­րա­նե­լի Տ․ Կո­մի­տաս Քա­հա­նայ, ինչ­պէս նաեւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն կա­տա­րուե­ցաւ Ա­նա­րատ Յղու­թեան հան­գու­ցեալ քոյ­րե­րուն, վար­ժա­րա­նի հիմ­նա­դիր­նե­րուն, սա­տա­րող­նե­րուն ու բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րուն հոգ­ւոցն ի հան­գիստ։

Սար­քուե­ցաւ նաեւ սի­րոյ սե­ղան մը՝ ե­կե­ղեց­ւոյ «Ս․ Ներ­սէս Շնոր­հա­լի» նո­րա­բաց սրա­հին մէջ, ուր ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան Տ․ Լե­ւոն Արք․ Զէ­քիեան ու Հ․ Աբ­րա­համ Ծ․ Վրդ․ Ֆը­րա­տեա­ն։

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016