ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ կ՚ապրուի մեծ եռուզեռ: Մայիս ամսուան ընթացքին վարժարանի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենան զանազան ձեռնարկներ. ինչպէս՝ տօնակատարութիւններ, հանդէսներ, փառատօններ:

Այսպէս, այս ձեռնարկներէն առաջինը հանդիսացաւ՝ առաջին դասարանի աշակերտներուն Ընթերցման տօնի հանդիսութիւնը։ «Ծաղիկներ» խորագրուած դասարանի փոքրիկները ունեցան յաջող ելոյթներ։

Հանդիսութեան ներկայ եղան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, տիկնանց կազմի ատենապետուհի Վերժին Պիւքիւճեան, անդամուհիներէն Մինէ Էրլեւենտ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Հանդէսի խօսնակներն էին Լիզա Շահինեան եւ Պելինտա Ֆիտան: Անոնք նախ բեմ հրաւիրեցին դասարանի ուսուցչուհի Շիլա Սիլելեանը, որ իր կարգին մի առ մի ծանօթացնելով բեմ հրաւիրեց աշակերտները: Ժպտերես փոքրիկները բեմ բարձրացան ծափողջոյններու ներքեւ։ Անոնք ներկաները ողջունեցին «Բարի եկաք» արտասանութեամբ։ Այս առթիւ Շիլա Սիլելեանն ալ արտասանեց սրտի խօսք մը, որու ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցեց տղոց ջանքերուն մասին ու զանոնք շնորհաւորելով յաջողութիւն մաղթեց։

Յայտագիրը շարունակուեցաւ թրքերէն ոտանաւորով մը՝ «Տառեր, որոնք կը փախին ալֆապէէն» խորագրով:

Տեսաերիզով մը բոլոր աշակերտները իրենց ապագայի երազած ասպարէզներու մասին տեղեկութիւններ տուին: Անգլերէնի ուսուցչուհիին կողմէ պատրաստուած էր «Aramyan’s Garden» անուն թատերակը, որուն նիւթն էր խնայողութիւնը։ Ապա խմբովին արտասանուեցաւ «Դասեր» ոտանաւորը։

Փոքրիկն Կլորիա Վարդանեան հանդէս եկաւ դաշնամուրի նուագներով: Աւելի վերջ փոքրիկները պարեցին «Հայ Պար»ը: Ցուցադրեցին նաեւ օրֆֆի ներկայացում մը: Յայտագիրը վերջացաւ «Ծաղիկներ» դասարանի տուած հայերէն եւ թրքերէն խոստումներով:

Հանդէսի պատրաստութեան աջակցած էին Էսրա Էօզալփ, Պուրճու Իլտենիզ, Լոռի Կիւլպենկ, Գարին Քիւչիւքօղլու եւ Թայիս Մարալ:

Յանուն ծնողներուն արտայայտուեցաւ Տիանա Թիւյսիւզ։

Ծրագրի աւարտին բարձրախօսը յանձնուեցաւ Թալին Պէրպէրօղլուին: Ան շնորհաւորեց աշակերտները, որոնք ունեցան յաջող ու գնահատելի ելոյթներ։ Ան շնորհաւորեց առաջին դասարանի ուսուցչական կազմը՝ գլխաւորութեամբ Շիլա Սիլելեանի:

Տնօրէնութիւնը առաջին դասարանի փոքրիկներուն համար պատրաստած էր յուշանուէրներ, զորս յանձնեցին ութերորդ դասարանի սաները։ Տիկնանց կազմին կողմէ ալ ստացան նուէրներ։

Իսկ հուսկ բանքը ըրաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Այս ոգեւոր մթնոլորտը շարունակուեցաւ ծնողներու կողմէ սանուց միութեան մէջ սարքուած ընդունելութիւնով:

 

Չորեքշաբթի, Մայիս 9, 2018