ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Երէկ, Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները այցելեցին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Ատենապետ Կարապետ Մխալեան եւ իր վարչային ընկերները բացատրութիւններ տուին իրենց կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։ Ուսուցչաց միութեան նորընտիր վարչութիւնը պաշտօնի կոչուելէ անմիջապէս վերջ կարճ ժամանակի ընթացքին ծաւալած է բեղուն աշխատանք։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ մեր վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչներուն համար կազմակերպուած աշխատանոցը՝ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի մասնակցութեամբ։ Կարապետ Մխալեան եւ իր ընկերները կը նախատեսեն, որ հայերէնի ուսուցիչներու համար նման աշխատանոց մը կազմակերպուի նաեւ յառաջիկայ կրթական շրջանին։ Բաց աստի, ուսողութեան ճիւղի պարագային ալ մեր վարժարաններու ուսուցիչներուն մասնակցութեամբ յառաջիկայ տարի պիտի կազմակերպուին աշխատանոցներ։

Ուսուցչաց միութեան նորընտիր վարչութիւնը կը ջանայ նաեւ անմիջական կապի մէջ ըլլալ մեր համայնքային վարժարաններու տնօրէններուն հետ՝ աւելի լաւ պատկերացնելու համար անոնց կարիքներն ու համապատասխան ուղղութիւն մը տալու համար իրենց աշխատանքներուն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 9, 2018