ՀՊԱՆՑԻԿ ԱԿՆԱՐԿ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտարարեց, որ ինք բոլորէն աւելի կ՚ուզէ, որպէսզի ժամ առաջ ընտրուի պատրիարք մը՝ որովհետեւ ամէն օր կը լսէ անարգանքներ։

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի մասնակցութեամբ հաւաքոյթ մը։ Ընդհանուր փոխանորդը այս առթիւ խօսեցաւ պատրիարքական առկախեալ ընտրութիւններով պայմանաւորուած համայնքային առկայ փակուղիին մասին։ Հաւաքոյթը վարեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Նուրհան Փալաքօղլու, որ նախ ներկայացուց նորին սրբազնութեան կենսագրութիւնը։ Աւելի վերջ ընդհանուր փոխանորդը հպանցիկ ակնարկով մը ներկայացուց վերջին շուրջ տասն տարուան գործընթացը։ Պետական-դիւանակալական հարթութեան եւ եկեղեցական-ժողովական երեսակներու վերաբերեալ բազում մանրամասնութիւններ յիշեցուց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ իր հետ բերած էր կարեւոր թղթակցութիւններու կամ որոշումներու պատճէնները։ Այդ բոլորի լոյսին տակ, իր խօսած ներածականով պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ ճգնաժամը ան ներկայացուց իր բուն հունին մէջ։ Ոչ միայն վերջին տասն տարիներու կտրուածքով, այլ Հանրապետական շրջանին ստեղծուած պատրիարքական ընտրութեան նախընթացներուն վրայ ալ ծանրացաւ ընդհանուր փոխանորդը, որու խօսքով ինք աշխատանքի մը ձեռնարկած է Աթոռը նոր կանոնադրութիւնով մը օժտելու համար, սակայն Կրօնական ժողովը նախընտրած է այդպիսի կարեւոր գործի մը իրականացուիլը՝ նոր պատրիարքի ընտրուելէն վերջ։

Ընդհանուր փոխանորդի ներածական խօսքէն վերջ տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխանի բաժին մը։ Այս փուլին ան պատասխանեց զանազան հարցումներու։ Պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով՝ նորին սրբազնութիւնը յայտնեց, որ ինք բոլորէն աւելի կ՚ուզէ, որ ժամ առաջ ընտրուի նոր պատրիարք մը, որովհետեւ ամէն օր կը լսէ անարգանքներ։ Իր խօսքով՝ տգէտներ չեն հասկնար, թէ այս հարցը անձի մը հարցը չէ։

Ուրիշ հարցումի մը պատասխանելով՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անդրադարձաւ մեր համայնքի երիտասարդութեան վերաբերեալ խնդիրներուն։ Ան դիտել տուաւ, որ Պատրիարքական Աթոռը կը ջանայ միշտ համախմբել մեր երիտասարդութիւնը։ Ինքն ալ հաւատացած է, որ Աթոռը աշխուժօրէն պէտք է յառաջ տանի երիտասարդաց առաքելութիւնը։ Այս ուղղութեամբ փորձած է առնել քայլեր։ «Պէտք է ըսեմ, սակայն, որ մեր երիտասարդները պէտք չէ համախմբուին միայն փիքնիքներ կազմակերպելու, խորովածներ սարքելու համար։ Անոնց համար պէտք է նաեւ մշակութային գործունէութիւն։ Այսօր մեր սանուց միութիւններու շարքին շատ քիչերը մշակութային գործունէութիւն կը ծաւալեն։ Արամ Սրբազանը առանձինն ոչինչ է։ Մեր համայնքը երիտասարդութեան տէր պէտք է կանգնի իր ամբողջին մէջ։ Մենք պէտք է ինքզինքնիս պահենք։ Մեզի համար ցաւալի է եթէ նոյնիսկ մէկ երիտասարդ հեռանայ համայնքէն։ Ուստի, պէտք է լաւ հետեւինք, որ մեր հաստատութիւնները, ընդհանրապէս մեր համայնքը ի՞նչ կ՚ընեն երիտասարդութեան համար», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը։

Երեկոյթի փակման խօսքը արտասանեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, որ յայտնեց, թէ մեր համայնքէն ներս ազատ ձեւով պէտք է քննարկուին բոլոր գաղափարները եւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը կը ջանայ խրախուսել նման միջավայր մը։ «Մենք բոլորս մշակոյթի մը պտուղներն ենք։ Այդ մշակոյթը կը պայմանաւորէ մեր մշակոյթը, մեր դիմագիծը։ Մենք պարտաւոր ենք այդ մշակոյթը ապրեցնելու եւ բաժնելու։ Եթէ մենք կարողանանք տէր կանգնիլ մեր մշակոյթին, ապա անոր առթած գիտութիւնով սիրոյ մթնոլորտ պիտի ստեղծուի մեր համայնքէն ներս եւ ինքնաբերաբար պիտի լուծուի նաեւ միասնականութեան հարցը։ Արդարեւ, սիրոյ տիրապետած վայրին մէջ թշնամութիւն գոյութիւն չ՚ունենար», ըսաւ ատենապետը։

Երէկուան հաւաքոյթին մասնակցեցան Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն դէմքեր եւ բազմաթիւ հետաքրքիրներ։

ՊԷՅՔՈԶԻ ՄԱՍԻՆ

Երէկ երեկոյեան Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին հարցում մը ուղղուեցաւ նաեւ Պէյքոզի նիւթին շուրջ։ Ի պատասխան՝ ան երկար մանրամասնութիւններ ներկայացուց Պէյքոզի տարածքին, հասոյթի հեռանկարներուն եւ Պատրիարքական Աթոռի համապատասխան նախաձեռնութիւններուն առընչութեամբ։ Նորին սրբազնութիւնը յայտնեց, որ այս բոլոր հարցերով զբաղելու իր նախաձեռնութեամբ հիմնուած էր Պատրիարքական Աթոռի յարակից «Յովակիմ 1461» վաքըֆը։ Անհիմն պնդումներու եւ զրպարտութիւններու բերումով ինք պաշտօնապէս հրաժարեցաւ այդ վաքըֆէն։ Իրմէ վերջ ալ այդ վաքըֆը դարձաւ անկառավարելի եւ հիմա արդէն պատրաստութիւններ կը տեսնուին լուծարման համար։ «Ես այլեւս ոչինչով կը հետաքրքրուիմ։ Միայն կայ ճշմարտութիւն մը, որ մեր համայնքի 6 միլիոն լիրան կորստեան մատնուած է։ Այժմ աւելի մեծ կոյուղիի հոտեր կու գան Պէյքոզէն։ Ապացոյցները հաւաքելու սկսած ենք՝ երբ որ ժամանակը գայ այդ բոլորը պիտի հրապարակենք», յայտնեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 9, 2018