ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔ

Երէկ, առաւօտեան կանուխ ժամերուն տխուր դէպք մը պատահած է Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքին։ Այսպէս, անծանօթ մը փորձած է հրկիզել եկեղեցւոյ դուռը ու խոյս տուած։ Թաղային խորհուրդը իսկոյն շարժման անցնելով դիմած է Անվտանգութեան տնօրէնութեան։ Մինչ թաղի հոգեւոր հովիւը տեղեակ պահած է Պատրիարքական Աթոռը, ընթացքին արդէն Իսթանպուլի անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնի տեղակալը կապ պահելով Գումգաբուի հետ՝ յայտնած է իր ցաւը եւ շեշտած է, որ փութով կը ձերբակալուի յանցագործը։ 

Պատրիարքարանի դիւանը կատարած է պրպտումներ, ըստ որոնց  որեւէ վնաս գոյացած չէ եկեղեցւոյ մէջ, յարակից համալիրէն ներս, դրան առջեւ կամ պաշտօնէութեան պարագային։

Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Իսթանպուլի կուսակալութիւնը աւելի ուշ տեղեկացուց, որ կասկածելի անձը (M. K.) արդէն ձերբակալուած է երեկոյեան ժամերուն եւ կը շարունակուի հարցաքննութիւնը։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2020