ՇԻՇԼԻԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՐԱՄՆԱՄԱՐԶԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Շիշլի մարզակումբը երէկ կազմակերպեց միջվարժարանային փոքրերու մարմնամարզի խրախճանք մը, որ տեղի ունեցաւ Աթագիւղի ողիմպիական աւանին մէջ։ Իր տեսակին մէջ երկրորդ այս նախաձեռնութիւնը ձօնուած է ակումբի հոգելոյս երախտաշատ սպասաւորներէն Պերճ Մուրատ Օքանի յիշատակին։
Թրքահայ 13 համայնքային վարժարանէ երրորդ եւ չորրորդ դասարանի սաները մասնակցեցան այս ծրագիրին։ Շուրջ 200 պատանի մարզիկ հանդէս եկաւ երեք մարզաձեւի մէջ։ Ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ՝ գլխաւորութեամբ Շիշլիի մարզիչներէն Հաքան Կիւնարթանի, որ այս նախաձեռնութեան համակարգողն էր։
Հուսկ, Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք մրցանակաբաշխման փուլին հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին բիւր յարգանքով արտայայտուեցաւ հոգելոյս Պերճ Մուրատ Օքանի մասին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ մարմնամարզի դաշնակցութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղին, որ միշտ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէ Շիշլիի պարագային։
Մեծ խմբանկարի նկարահանումը բնորոշեց խրախճանքի փակումը։