ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԵՂԱՆԱԿԸ ԿԸ ՓԱԿԷ

Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Սարօ Սիրականեանն ու անդամներէն Թանիա Գույումճու Աքարսուն։

Հիւրերը մեզի ներկայացուցին երգչախումբի ծրագիրները, գործունէութեան այժմու փուլը, նաեւ հաղորդեցին, որ մօտաւոր ապագային տեղի պիտի ունենայ եղանակի եզրափակման համերգ մը։ Այսպէս, այս ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւոր եւ աշխարհիկ երգացանկով՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։

Համերգի ընդառաջ, երգչախումբի ներկայացուցիչները երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուին Պատրիարքարան։

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2024