ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Շա­բա­թա­վեր­ջին կա­յա­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թեանց հե­տե­ւե­ցան նաեւ դի­տոր­դա­կան տար­բեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, թէ՛ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թե­նէն եւ թէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թե­նէն։ ՀՏՓ­-ի հրա­ւէ­րով ընտ­րու­թեանց հե­տե­ւե­ցաւ նաեւ ՀՅ դաշ­նակ­ցու­թեան Եւ­րո­պա­յի հայ դա­տի գրա­սե­նեա­կի պատուի­րա­կու­թիւ­նը։ Ե­րէկ խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու ա­ռիթն ու­նե­ցանք Եւ­րո­պա­յի հայ դա­տի գրա­սե­նեա­կի նա­խա­գահ Գաս­պար Կա­րա­պե­տեա­նը, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ա­րեւմ­տեան շրջա­նի հայ դա­տի գրա­սե­նեա­կէն Գէորգ Աղ­ճա­նեա­նը, Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հայ դա­տի գրա­սե­նեա­կէն Վե­րա Եա­գու­պեա­նը, Պել­ժիոյ հայ դա­տի գրա­սե­նեա­կի ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Պետ­րո­սեա­նը եւ Եւ­րո­պա­յի հայ դա­տի գրա­սե­նեա­կի հա­ղոր­դակ­ցու­թեան եւ կա­պի պա­տաս­խա­նա­տու Պետօ Տէ­միր­ճեան-Քիւրք­ճեա­նը։

Ա­նոնք յայտ­նե­ցին, թէ ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ Պո­լիս կ՚այ­ցե­լեն, հե­տե­ւա­բար փա­փա­քած են ծա­նօ­թա­նալ նաեւ հա­մայն­քա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, մամ­լոյ մի­ջոց­նե­րուն եւ տար­բեր կա­ռոյց­նե­րուն։ Այս նպա­տա­կով կա­յա­ցած ի­րենց այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին մտքե­րու փո­խա­նա­կու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցաւ վեր­ջին ընտ­րու­թիւն­նե­րուն եւ ար­դիւնք­նե­րուն շուրջ։ Հիւ­րե­րը մե­զի տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին նաեւ ի­րենց ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ա­ռա­քե­լու­թեան վե­րա­բե­րեալ։ Այ­ցե­լու­թեան ա­ւար­տին երկ­կող­մա­նի փա­փաք յայտ­նուե­ցաւ ամ­րապն­դե­լու կա­պե­րը Պոլ­սոյ եւ հա­յաշ­խար­հի նման կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2015