ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Խմբագ­րա­տանս մէջ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք հիւ­րըն­կա­լե­լու նախ­կին իս­թան­պու­լաբ­նակ ֆրան­սա­հայ հա­մայն­քա­յին գոր­ծիչ Ա­րամ-Ա­նի Շիմ­շիր ա­մոլն ու ի­րենց դուստ­րը՝ Մե­լի­նէ Շիմ­շի­րը։ Փա­րի­զի Կեդ­րո­նա­կան սա­նուց միու­թեան գոր­ծօն ան­դամ­նե­րէն մէկն է Ա­րամ Շիմ­շիր, որ քա­ղաքս ժա­մա­նած էր նշե­լու հա­մար Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նէն շրջա­նա­ւար­տու­թեան իր քա­ռաս­նա­մեա­կը։

Կա­յա­ցած մտեր­միկ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Շիմ­շիր գեր­դաս­տա­նի ան­դամ­նե­րը մե­զի տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին փա­րի­զա­հայ կեան­քի ա­ռօ­րեա­յին շուրջ, ինչ­պէս նաեւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­ցին թեր­թիս գոր­ծու­նէու­թեան եւ առ­հա­սա­րակ պոլ­սա­հայ ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թեան շուրջ։ Հրա­ժեշ­տի պա­հուն հիւ­րե­րը յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­ցին թեր­թիս աշ­խա­տան­քին՝ միա­ժա­մա­նակ ստա­նա­լով բա­րե­մաղ­թանք­ներ ի­րենց կեն­սա­գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2015