Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՎԱՆՔԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ՓՈՐՁ
Մշոյ Եուքարըեոնկալ գիւղին մէջ գտնուող Ս. Կարապետ վանքի տարածքը հոն գտնուող տուներէն ազատելու եւ վանքի վերակառուցման աշխատանքները իրականացնելու համար դիմում մը ներկայացուած է Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան, ինչպէս նաեւ Ներքին գործոց նախարարութիւններուն։ Դիմումը ներկայացուցած է Սասուն-Պիթլիսի գիւղերու հայկական ընկերային փոխօգնութեան ու մշակութային համերաշխութեան միութեան նախարար Ազիզ Տաղճը։ Տաղճը անցեալին եւս դիմած էր վանքի վերակառուցման համար, սակայն պատկան մարմինները գրաւոր տեղեկացուցած էին, թէ վանքի տարածքին այժմ կան քառասունութ տուն եւ վեց խոտի ամբար։ Տաղճը նշած է, որ վեց ամսուան ընթացքին տարածքը մաքրելու խոստում մըն ալ տրուած էր իրենց։ «Բայց 2012-էն մինչեւ 2015 եկեղեցին եւ անոր տարածքը չեն ազատուած», նշեց ան։
Տաղճը նաեւ յիշեցուցած է, որ Լոզանի դաշնագրով պետութիւնը պարտաւորուած է պահպանութեան տակ առնել փոքրամասնութիւններու պատկանող կրօնական հաստատութիւնները։