ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՉՈՐՐՈՐԴ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ չոր­րորդ դա­սա­րա­նի ա­ւար­տա­կան հան­դէ­սը։ Դպրո­ցէն ներս չոր­րորդ դա­սա­րա­նը կ՚ա­նուա­նուի «Մե­ղու­ներ» եւ ա­նոնք ար­դէն ա­ւար­տած են պար­տա­դիր կրթու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նը։ «Մե­ղու­ներ»ու դէ­պի միջ­նա­կարգ ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւ­նը Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ նշուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ։

«Մե­ղու­ներ»ու դա­սա­րա­նի հան­դէ­սին առ­թիւ դպրո­ցի սրահն ու բե­մը զար­դա­րուած էին գոյնզ­գոյն ծա­ղիկ­նե­րով, մե­ղու­նե­րով եւ ա­շա­կերտ­նե­րու նկար­նե­րով։ Սրա­հին մէջ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ցու­ցա­հան­դէս մը բա­ցուե­ցաւ՝ ա­շա­կերտ­նե­րու ձե­ռա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու եւ գծագ­րու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով։

Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­ման Պիւ­քիւ­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սար­վէն Սէրթ­շիմ­շէք, տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

Յայ­տագ­րի սկիզ­բին «Մե­ղու­ներ»ը խմբա­յին ար­տա­սա­նու­թիւ­նով մը ող­ջու­նե­ցին հան­դի­սա­տես­նե­րը։ Դա­սա­րա­նի ու­սուց­չու­հի Վե­րա Հե­մեն­կիւ­լի սրտի խօս­քէն վերջ տղա­քը հան­դէս ե­կան զա­նա­զան ե­լոյթ­նե­րով՝ ար­ժա­նա­նա­լով ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։ Յա­նուն «Մե­ղու­ներ»ու ծնող­նե­րուն ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Սօ­նա Անդ­րէա­սեան, որ խոր շնոր­հա­կա­լու­թեան զգա­ցում­ներ ար­տա­յայ­տեց։ Եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նին ար­տա­յայ­տուե­ցան Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու եւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, ո­րոնք շնոր­հա­ւո­րե­ցին ա­շա­կերտ­նե­րը եւ յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ յղե­ցին ի­րենց ուս­ման շա­րու­նա­կու­թեան հա­մար։ Հան­դէ­սի ա­ւար­տին «Մե­ղու­ներ»ուն յանձ­նուե­ցան յու­շա­նուէր­ներ։

Ա­ւե­լի վերջ հա­տուե­ցաւ կար­կան­դակ մը եւ յա­ջոր­դած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին «Մե­ղու­ներ»ը շրջա­պա­տուե­ցան ջեր­մօ­րէն։

Այս հան­դէ­սին պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը վե­րահս­կած էին ու­սուց­չու­հի­ներ՝ Վե­րա Հե­մեն­կիւլ, Մուհ­լիս Շա­հին, Թա­լին Թա­լա­սօղ­լու-Սալ­թըք­լը, Գա­րին Քիւ­չիւ­քօղ­լու, Թա­յիս Պու­տաք, Սում­րու Էք­շիօղ­լու, Գա­րին Քէօք­ճեան-Թաշ­քըն, Եւ­գի­նէ Ին­ճի­տիւ­զէն եւ Քրիս­տին Տել­լա­լօղ­լու։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016