ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԸ ԴԱՍՈՒԵՑԱՒ «ԿԱՆԱՉ ԱՍՏՂՈՎ ՎԱՐԺԱՐԱՆ»
Շիշլիի գաւառակէն ներս Գարակէօզեան վարժարանը դափնեկիր դարձաւ բնապահպանութեան ուղղութեամբ։ Շիշլիի Կրթական տնօրէնութիւնը վերջերս մրցոյթ մը կազմակերպեց Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարանի եւ Շիշլիի քաղաքապետութեան համագործակցութեամբ։ «Կանաչ աստղով վարժարաններ» խորագրեալ այս մրցոյթի արդիւնքին Գարակէօզեան հանդիսացաւ առաջին։
Մրցոյթը կազմակերպուած էր չորս անուանակարգերու մէջ։ Անոր նպատակն էր աշակերտներուն մօտ հետաքրքրութիւն եւ զգայնութիւն առթել բնապահպանութեան նկատմամբ։ Բաց աստի, ուժանիւթի միջոցները եւ ջուրը խնայողաբար, արդիւնաւէտութեամբ օգտագործելու եւ միջոցները վերամշակելու հետամուտ էր այս ծրագիրը։ Սահմանուած բոլոր չափանիշներու լոյսին տակ Գարակէօզեանը ընտրուեցաւ առաջին։ Գարակէօզեան Տան տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ համապատասխան վկայականը ստացաւ Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւի ձեռամբ։ Այս առթիւ որպէս պարգեւ դպրոցին յանձնուեցաւ «Համակարգիչի սենեակ» մը։
Միւս կողմէ, վարժարանի ճատրակի խումբը անցեալ շաբաթավերջին մասնակցեցաւ «Թերաքքի» վարժարաններու ցանցին կողմէ կազմակերպուած ճատրակի մրցաշարքին։ Այս տարի 25-րդ անգամ կազմակերպուած մրցաշարքին շրջագծով Գարակէօզեանի սաներէն Ալեքսան Զարուքի առանց պարտութիւն կրելու նուաճեց առաջնութեան մետայլը։