ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՇՐՋԱՆԻՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ մեծ եռուզեռ կը տիրէ 2015-2016 կրթական շրջանի ներկայ եզրափակիչ փուլին։ Տղաքը արտադասարանային աշխատութիւններուն արդիւնքը կը ներկայացնեն տօնական տրամադրութեամբ։ Վարժարանի նորակառոյց համալիրէն ներս վերջին օրերուն հանդէս եկան այն աշակերտները, որոնք պարի եւ խմբերգներու ուղղութեամբ աշխատանք կը տանին։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ այս առթիւ ապրուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Պարուսոյց Նարօտ Կիւլէչի վերահսկողութեան ներքեւ աշակերտները ներկայացուցին շարք մը պարեր՝ արժանանալով ջերմ ծափողջոյններու։ Հանդիսավարն էր Արամ Կոստանեան։
Երաժշտութեան ուսուցչուհի Անիթա Քուրտօղլուի գլխաւորութեամբ վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին նաեւ խմբերգներ։ Անոնց հայերէն երգերու փունջը խանդավառեց բոլոր ներկաները, որոնք իրենց համակրանքին առարկայ դարձուցին տղաքը։
Երեկոյթի աւարտին Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին բարձր գնահատեց Անիթա Քուրտօղլուի եւ Նարօտ Կիւլէչի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը, որու շնորհիւ տղոց մօտ հունտեր կը սերմանուի՝ մեր մշակութային արժէքները ճանչնալու եւ սիրելու ուղղութեամբ։
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ իր ընկերները, թաղի յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ, Պաքըրգիւղի ընտանիքէն դէմքեր եւ բազմաթիւ հիւրեր։