ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը իսլամական աշխարհի Ռամազանի սկիզբին առթիւ իֆթարի սեղան մը սարքեց Օրթագիւղի մէջ, նաւամատոյցի հրապարակին վրայ։ Այս առթիւ Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինետար հիւրընկալեց նաեւ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներէն ներկայացուցիչներ։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին այս ընթրիքին մասնակցեցաւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայ էր նաեւ Նուրհան Փալաքօղլու, որ քաղաքապետարանին մօտ խորհրդականի պաշտօն կը վարէ հայ համայնքին գծով։
Երեկոյթի տեւողութեան Մուրատ Հազինետար եւ այլ հրաւիրեալներ հանդէս եկան զանազան ելոյթներով։ Այս շրջագծով արտայայտուեցաւ նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ շնորհաւորութիւններ յղեց իսլամական աշխարհի Ռամազանի շրջանի սկսելուն կապակցութեամբ ու մաղթանքներ ըրաւ մեր երկրի անդորրութեան եւ աշխարհի խաղաղութեան համար։