ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՎԷՅՍԻ ՔԱՅՆԱՔ ՌԱՄԱԶԱՆԻ ՍԿԻԶԲԻՆ ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄԲՈՂՋ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ՀԱՄԱՐ ՍԱՐՔԵՑ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆ ՄԸ, ՈՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅ ԷՐ ՆԱԵՒ ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆ

Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան Ան­գա­րա­յի կեդ­րո­նա­կա­յա­նին մէջ Րա­մա­զա­նի շրջա­նի երկ­րորդ օ­րը սար­քուե­ցաւ իֆ­թա­րի սե­ղան մը։ Փոխ-վար­չա­պետ Վէյ­սի Քայ­նաք, որ այս տնօ­րէ­նու­թեան գծով պա­տաս­խա­նա­տու է, մէկ­տե­ղուե­ցաւ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան ամ­բողջ ղե­կա­վա­րու­թեան, պաշ­տօ­նէու­թեան եւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն հետ։ Սա ա­ւան­դա­կան դար­ձած հա­ւա­քոյթ մըն է, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան։

Փոխ-վար­չա­պետ Վէյ­սի Քայ­նաք հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը։ Ան նշեց, թէ ան­կախ տա­րո­ղու­թե­նէն եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն, ան­կախ մահ­մե­տա­կան կամ ոչ-մահ­մե­տա­կան ըլ­լա­լու բնոյ­թէն, Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան ա­ռաջ­նա­հերթ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնն է ի­րա­կա­նաց­նել փա­փա­քը բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք կտակ մը թո­ղած են՝ նպաստ բե­րե­լով մեր երկ­րին հա­մար։

Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէմ եւ բո­լոր ներ­կա­նե­րը ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ զրու­ցե­ցին փոխ-վար­չա­պե­տին հետ։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 9, 2016