ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ շրջանաւարտութեան հանդէսը վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան, վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Տիգրան Էօզկիւլ եւ իր ընկերները եւ բազմաթիւ հիւրեր, ծնողներ, հաստատութեան համակիրներ։ Շրջանաւարտութեան հանդէսի ընթացքին շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկան տնօրէն Շահին Չընար, որ այս տարուան ընթացաւարտներուն յաջողութեան մաղթանքներ յղեց իրենց ապագայ կրթական կեանքին համար։ Հանդէսի ոգեւորութիւնը գագաթնակէտին հասաւ, երբ վկայականները եւ շրջանաւարտներու յուշանուէրները բաժնուեցան հիւրերուն եւ հաստատութեան պատասխանատուներուն կողմէ։

Միւս կողմէ, 2016-2017 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի տնօրէնութիւնը դաշտապտոյտ մըն ալ կազմակերպեց դպրոցի աշակերտութեան համար։ Սիլիվրիի «Չամլըք» ճաշարանին մէջ կազմակերպուեցաւ այս դաշտապտոյտը, որու մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց։

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2017