ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ԱՌԹԻՒ ԵՐԳԻ ԵՒ ՊԱՐԻ ԵՐԵԿՈՅԹ
2016-2017 կրթական շրջանի վերջին շաբաթը Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ բնորոշուեցաւ արտասովոր խանդավառութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս կազմակերպուած երգի եւ պարի երեկոյթը առանձնացաւ՝ թէ՛ իր ճոխ յայտագրով եւ թէ աշակերտներու կողմէ տարուած ստեղծագործական աշխատանքի փայլուն արդիւնքով։ Այսպէս, դպրոց «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երգի ու պարի երեկոյթը։ Յայտագրին մաս կազմեցին խմբերգներ՝ երաժշտութեան ուսուցչուհի Անիթա Եէօնտէմի մականին ներքեւ։ Բաց աստի, տղաքը ներկայացուցին պարի ոլորտէն ներս ամբողջ տարի տարուած աշխատանքին փայլուն արդիւնքը։ Տատեան վարժարանէն ներս պարուսոյց Նարօտ Կիւլէչի հսկողութեան ներքեւ բազմատասնեակ աշակերտներ ամբողջ կրթական շրջանի տեւողութեան պարի գետնի վրայ տարած էին լուրջ աշխատանք։ Պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչ եւս մասնակցութիւն բերած էր այդ գործունէութեան։
Հանդիսութեան աւարտին Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին գնահատեց աշակերտներուն կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնը։ Հանդիսատեսներն ալ ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին երգի եւ պարի երեկոյթի կազմակերպիչները, մասնակից աշակերտները եւ անոնց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները։