ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԷՍ

Էսաեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն հանդէս մը տեղի ունեցաւ՝ 2017-2018 կրթական շրջանի փակման առթիւ։ Դպրոցի բոլոր աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին այս հանդէսի ծրագրին։ Ներկայ էին վարժարանի պատասխանատուները, ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ հիւրեր։

Յայտագիրը սկսաւ էսաեանցի սաներու նուագախումբի ելոյթով։ Երաժշտական ելոյթներուն յաջորդեցին թատերակներ, մարմնամարզական շարժումներ եւ պարեր։ Այսպէս բոլոր աշակերտները հնարաւորութիւն ունեցան տարուան տեւողութեան կատարուած աշխատանքին արդիւնքը ներկայացնել։

Հանդէսի աւարտին բոլորը բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին ամրան արձակուրդին համար եւ յոյս յայտնեցին զիրար վերագտնել յառաջիկայ վերամուտին։ 

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018