ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանը, վերջերս, տուն դարձաւ մանկապարտէզի դասարաններու տարեվերջի հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ յետմիջօրէին վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի, Մատակարար մարմնի ատենապետ եւ անդամներու, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմի եւ ծնողներու:

Յայտագիրը սկսաւ մանկապարտէզի աւարտական դասարանի՝ կապիկներու խումբի հանդիսաւոր մուտքով հանդիսասրահէն ներս: Փոքրիկները պարեգօտներով եւ գդակներով տեղ գրաւեցին բեմին վրայ եւ այսպէս՝ ստեղծուեցաւ գեղեցիկ տեսարան մը: Գալով բեմին՝ ան ալ ուրիշ գլուխ գործոց մըն էր: Չէ՞ որ կապիկները բնակիչներն են անտառին, ուրեմն բեմն ալ կը պարզէր անտառի հրաշալի պատկեր մը, որուն խորապատկերը կը զարդարէին աւարտական դասարանի աշակերտներու լուսանկարները: Հանդէսը շարունակուեցաւ Մխիթարեանի քայլերգով, որ մեծ խանդավառութեամբ մեկ-նաբանուեցաւ փոքրիկներու կողմէ: Մանկապարտէզի տղաքը ներկաները ողջունեցին զուարթ երգերով եւ ոտանաւորներով: Տղոց այս ինքնաբուխ ելոյթներուն յաջորդեց իրենց դասարանի ուսուցչուհի Սիպիլ Աւագօղլուի ուղերձը: Ան արտայայտեց իր անհուն սէրը իր աշակերտներուն հանդէպ, անոնց յղելով շնորհաւորութեան եւ յաջողութեան ամենաջերմ բարեմաղթութիւններ:

Յանուն մանկապարտէզի ծնողներու խօսք առաւ Շիրվան Պոստան, որ արտայայտեց իր երախտագիտական զգացումները Մխիթարեան վարժարանի եւ ուսուցիչներու նկատմամբ, որոնք համագործակցաբար իրենց ներդրումը բերած էին իրենց մէկ հատիկ զաւակներուն մտաւոր ու հոգեւոր զարգացման: Շիրվան Պոստան, որ մանկապարտէզէն մինչեւ լիկէոնի վերջին կարգը եղած էր հարազատ մխիթարեանցի մը, նոյն բանը մաղթեց նաեւ իր զաւակներուն եւ անոնց դասընկերներուն համար:

Վարժարանի նախակրթութեան տնօրէնուհի Գաթիա Վարկը եւս հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը: Ան ալ իր կարգին շնորհաւորեց տղաքը, յետոյ շնորհակալութիւն յայտնեց աւարտական դասարանի մանկապարտիզպանուհի՝ Սիպիլ Աւագօղլուին, օգնական ուսուցչուհի Մարալ Կիւլպայծառին եւ ամբողջ մանկապարտէզի անձնակազմին, նաեւ տղոց այլ առարկաներու ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիներուն: Յետոյ տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց վարժարանին վարչայինները եւ ուսուցիչները, որպէսզի անոնք յանձնեն տղոց վկայականները: Իսկ աշակերտներն ալ իրենց կարգին ուսուցիչներուն յանձնեցին ծաղկեփունջեր եւ խորհրդանշական նուէրներ:

Ապա մանկապարտէզի աւարտական դասարանի աշակերտները ուրախութեան բացագանչութիւններով իրենց գդակները արձակեցին օդին մէջ:

Տղաքը երգեցին երաժշտութեան ուսուցչուհի Շուշան Գալաթաշի մականին ներքեւ, կատարեցին նաեւ անգլերէնով արտասանութիւններ անգլերէնի ուսուցչուհիներ Իլոնա Քիւչիւքրէիսեանի, Բոլին Մավունաճըի և Գլօտիա Սմբատեանի հսկողութեամբ:

Պէտք է աւելցնել, թէ յայտագիրը համեմուած էր գեղեցիկ պարերով: Առաջին պարն էր անշուշտ կապիկներուն պարը: Փոքրիկները՝ աղջիկ ու մանչ կապիկներու վերածուած, հարազատօրէն կապկեցին այդ սիրուն անասունները: Միջոց մը անոնք աչքէ կորսուեցան, յետոյ կրկին բեմին վրայ յայտնուեցան իրենց ձեռքերուն մէջ թմբուկներով, ցպիկներով եւ բոժոժիկներով: Եւ սկսան կշռոյթ բռնել, ցպիկներով հարուածել իրենց թմբուկները, շարժել իրենց ձեռքի բոժոժիկները: Փոքրիկ նուագածուներուն երաժշտական կատարումները, անոնց ստեղծած կշռութաւոր եղանակները կը յուշէին բեմին վրայ ապագայ փոքրիկ արուեստագէտներու ներկայութիւնը: Ապա իրարու յաջորդեցին անտառագնացներու, յովազներու եւ վագերաձիերու պարերը, բոլորն ալ ամբողջութիւն մը կազմելով անտառի վայրի աշխարհին եւ մոգական բնութեան հետ: Վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Ռեհան Եաղեազանն էր, որ ստանձնած էր պարուսոյցի պաշտօնը, ամէն մէկ պարի համար ի գործ դնելով իր բարձր երեւակայութիւնը:

Վերջին պարն էր անշուշտ վիեննական աւանդական վալսը: Աղջիկները ճերմակ թիթեռնիկներու նման, իսկ մանչերը իրենց սեւ պաշտօնական զգեստներուն մէջ կրկին մուտք գործեցին հանդիսասրահէն ներս եւ պարեցին մեծ վարպետութեամբ:

Հանդէսի աւարտին ներկաները ուղղուեցան վարժարանին պարտէզը, ուր Ծնողաց միութեան կողմէ սարքուած էր պատշաճ ընդունելութիւն: Մանկապարտէզի աշակերտները եւ ուսուցիչները միասնաբար կտրեցին շրջանաւարտութեան ծաղը: Անոնք օդին մէջ թռցուցին փչուկներ, որպէս խորհրդանշան իրենց թռչող գացող մանկապարտէզի օրերուն, նաեւ որպէս նախանշան դէպի հեռաւոր երկնակամար սլացող ուսման ապագայ փայլուն օրերուն: Տղաքը նկարուեցան, ազատօրէն խաղացին ու պարեցին: Իսկ իրենց ծնողները յիշելով Մխիթարեանի մանկապարտէզի յարկէն ներս իրենց հոգեհատորներուն կատարած կրթական ճանապարհորդութիւնը, ապրեցան յուզումնախառն պահեր:

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018