ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԷՍ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի 2017-2018 կրթական շրջանի հունձքին համար երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման հանդիսութիւն մը։ Դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուած այս հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։

Ներկայ էին Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, Ֆէրգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները, Մէրամէթճեան վարժարանի պատասխանատուներ, Ֆէրիգիւղի ընտանիքի յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ, դպրոցէն կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Գարօլին Փափազեանի, որ շրջանաւարտներու դասարանի ուսուցչուհին էր։ Բացի այդ վերջինէն, շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկան Մանուկ Էօղէր, Արփի Մանուկեան, Ծնողաց միութեան ատենապետուհի Ժանէթ Արծիւեան, սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Անդրանիկ Քարաքուշ։ Յանուն շրջանաւարտներուն արտայայտուեցան՝ Ալէն Հրանդօղլու, Արեւ Սուճու եւ Էլլա Ենովքեան։

Վկայականները յանձնուեցան ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ։ Դպրոցի յաջողագոյնն էր Մասիս Քարա, որ ստացաւ նաեւ «Սարայլը» մրցանակը։ Շրջանաւարտներու ծնողներուն անունով Անիթա Հրանդօղլու յուշանուէրներ յանձնեց տղոց։ Ծնողաց միութեան կողմէ ալ յանձնուեցան յուշանուէրներ։

Աւելի վերջ բոլորը համախմբուեցան ճաշասեղաններու շուրջ։ Արաս Մանուկեանի գործադրած երաժշտական յայտագրով ներկաները ունեցան հաճելի ժամանց։ Շրջանաւարտները հատեցին նաեւ իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։ 

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018