ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿՐԹԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

2017-2018 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն ներս բնորոշուեցաւ զանազան ձեռնարկներով ու պտոյտներով։ Դպրոցէն ներս տեղի ունեցած  ձեռնարկներու ծիրէն ներս՝ 4-րդ դասարանի աշակերտները ստացան իրենց վկայականները։ Բաց աստի, 8-րդ դասարանի շրջանաւարտները, որոնք այլեւս կը պատրաստուին հրաժեշտ առնել դպրոցէն, իրականացուցին պտոյտներ։ Այսպէս, անոնք այցելեցին Էսքիշեհիր, նաեւ դաշտապտոյտի մը գացին դէպի Զեքերիագիւղ։ Դպրոցէն ուղարկուած վերի լուսանկարին մէջ կ՚երեւի Զեքերիագիւղ մեկնած բազմանդամ խումբը։  

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018