ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՀԱՒԱՔԸ ԵՐԷԿ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՏՈՒՑՈՒԱԾ ՈՒԽՏԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳՈՎ

Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երիտասարդաց հաւաքը, որ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ Ծաղկաձորի մէջ, երէկ հասաւ իր աւարտին։ Եզրափակիչ փուլը նախատեսուած էր Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Պայծառակերպութեան տաղաւարին զուգադիպեցաւ երիտասարդաց հաւաքի եզրափակիչ փուլը։ Այս առթիւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ աշխարհի չորս ծագերէն համախմբուած երիտասարդներուն մասնակցութեամբ։ Ուխտի Ս. Պատարագին երիտասարդաց հաւաքի մասնակիցներուն առընթեր ներկայ գտնուեցան նաեւ հոծ թիւով հաւատացեալներ։ Երէկուան Ս. Պատարագին նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ իր օրհնութիւնները փոխանցեց երիտասարդներուն։ Պատարագիչն էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ միեւնոյն ժամանակ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման հոգեւոր պատասխանատուն է։

«Դէպի Հայաստան, դէպի Սուրբ Էջմիածին» կարգախօսով կազմակերպուած Համահայկական երիտասարդաց հաւաքի ծրագրի եզրափակիչ փուլին երիտասարդներուն հետ մէկտեղուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Վեհափառ Հայրապետը։ Շատ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ այս հաւաքի ընթացքին։ Թէ՛ Հայաստանի վարչապետը եւ թէ Նորին Սրբութիւնը իրենց պատգամները փոխանցեցին հայոց նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն։

Մինչ այդ, Համահայկական երիտասարդաց հաւաքին մասնակցելու համար Հայաստան մեկնած պոլսահայ երիտասարդներն ալ այս առաւօտ վերադարձան քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, պոլսահայ ներկայացուցիչներու խումբը գլխաւորեց Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Պատրիարքարանի կողմէ թողարկուած լուսանկարին մէջ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան կ՚երեւի Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ՝ Համահայկական երիտասարդաց հաւաքի երէկուան եզրափակիչ փուլին հանդիպման ընթացքին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 9, 2018