ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԷՅՊԷԼԻ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՎԱՆՔԸ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ աշխատութեանց մասնակից պատանիներ, երիտասարդներ եւ ընտանիքներ, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, շաբաթավերջին այցելեցին Հէյպէլի կղզիի յունաց վանքը։ Խումբը առաւօտեան ժամերուն ուղղուեցաւ դէպի Հէյպէլի կղզի։ Այցելութեան միացան Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան եւ տարբեր կղզիներէ ընտանիքներ եւս։ Խումբը կը հիւրասիրուէր յունաց վանքի վանահայր Տ. Էլֆիտոֆորոս մետրոպոլիտի կողմէ։ Հայր սուրբն ու ընկերակիցները, նախ այցելեցին վանքի եկեղեցին, ուր կատարուեցաւ ուխտի աղօթք։ Աղօթասացութեան աւարտին հայր սուրբը կարճ քարոզ մը խօսեցաւ ներկաներուն եւ յիշեցուց, թէ Հայ Եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն կը տօնէին Եփեսոսի սուրբ ժողովի հայրապետներու յիշատակը։ Յունաց եկեղեցւոյ մէջ աղօթելը այս առթիւ խորհրդանշական կ՚ըլլար, քանի որ այդ ժողովին մասնակից հայրապետները որպէս մէկ մարմին հաստատեցին Ս. Կոյս Մարիամի «Աստուածածին» ըլլալու հանգամանքը։ Այս ուղղութեամբ դիմեց Ս. Տիրամօր բարեխօսութեան եւ մաղթեց որ Միածին Որդին ընդունի կատարուած ուխտի աղօթքները։

Խումբը ապա շրջեցաւ վանքը եւ հակիրճ տեղեկութիւններ ստացաւ։ Այցելութեան աւարտին, ներկաներ համախմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ, որու ընթացքին միաբաններն ու այցելուներ միատեղ զրուցելու առիթն ունեցան։

Այցելութեան աւարտին հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Էլֆիտոֆորոս մետրոպոլիտին, իր հիւրընկալութեան համար եւ մաղթեց այլ առիթով կրկին այցելել Հէյպէլի կղզիի հոգեմշակութային սքանչելիքներէն մին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2017