ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ երեկոյեան վերադարձաւ քաղաքս։ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ ան դիմաւորուեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի կողմէ։ Օդակայանէն տեղապահը առաջնորդուեցաւ Գումգաբու։

Ինչպէս հաղորդած էինք, Պատրիարքարանի մէջ այսօր նախատեսուած է Կրօնական ժողովի նիստ՝ նորին սրբազնութեան նախագահութեամբ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2017