Երեքշաբթի 4, Փետրուար 2025
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբի ատենապետ Արի Չոլաքն ու կարգ մը գործակից ընկերները։ Յանձնախումբի ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին նորին սրբազնութիւնը՝ տեղապահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։ Զրոյցի տեւողութեան անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեան շուրջ։
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ երիտասարդներուն յղեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։
Ուրբաթ, Օգոստոս 9, 2019