ՄԱՀ՝ ՆՇԱՆ ԵԱՂՈՒՊԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ երեկոյեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն Նշան Եաղուպեան։ Ճարտարապետական ոլորտէ ներս ան կը համարուէր իսկական հեղինակութիւն մը։ Արհեստավարժ կեանքի մէջ մատուցած ծառայութիւններով ան իր մասնագիտական ոլորտէն ներս անջնջելի հետք թողած էր՝ մասնաւորապէս յառաջացած տարիքի մէջ արժանացած էր մեծ պատիւներու եւ պարգեւներու՝ իր վաստակին արժեւորումով եւ բարձր գնահատանքով։

Նշան Եաղուպեան Գատըգիւղի ընտանիքի խորհրդանշական ու տիրական ներկայացուցիչներէն մին էր։ Երկար տարիներ անդամակցած էր թաղի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին։ Գատըգիւղի յարակից բոլոր մարմիններուն համար ալ վաստակ ներդրած էր եւ իբր այդ համատարած յարգանք ու համակրանք կը վայելէր։

Նշան Եաղուպեանի կորուստով թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի երկնակամարէն կը սահի իսկական արժէքի մը աստղը՝ մինչ մեր համայնքի արդի տարեգրութեանց մէջ իրեն վերապահուած տեղը անոր յիշատակը անթառամ կը դարձնէ։

Տէրը լուսաւորէ հոգին եւ մխիթարութիւն պարգեւէ իր բոլոր մերձաւորներուն եւ սիրելիներուն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2022