«ՄԱՐԱԼ» ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թը կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Հա­յաս­տան։ Այս ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­դա­ռաջ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­րիամ Տրա­մէ­րեան, հա­մոյ­թի պա­րու­սոյց Կար­պիս Չափ­քան եւ ե­րի­տա­սարդ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սե­լին Քո­շան ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին Պատ­րիար­քա­րան։

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին հա­մոյ­թի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը նշե­ցին, թէ «Մա­րալ»ի հիմ­նադ­րու­թեան 35-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին ա­ռիթ ըն­ձե­ռուած է ե­լոյթ մը ու­նե­նա­լու հա­մար Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հրա­ւէ­րով հա­մոյ­թը ամ­սա­վեր­ջին պի­տի գտնուի Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ նոյն օ­րե­րուն Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան առ­թիւ պի­տի գտնուի Հա­յաս­տա­նի մէջ, հա­մոյ­թի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը զին­քը հրա­ւի­րե­ցին մաս­նակ­ցե­լու ե­լոյ­թին։

Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց հա­մոյ­թին հա­մար ըն­ձե­ռուած այս կա­րե­լիու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ, նաեւ բա­րի ճա­նա­պարհ ու յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց «Մա­րալ»ի ըն­տա­նի­քի­ն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2015