ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արուշ Թաշի։ Անոնց միացած էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։

Հիւրերը սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ փափաքած էին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր անձամբ արագ ապաքինման բարեմաղթութիւններ փոխանցել։ Տէր հայրը յայտնեց, թէ միշտ աղօթող կը մնան Պատրիարք Սրբազան Հօր արեւշատութեան համար եւ տեսնելով Նորին Ամենապատուութեան ապաքինումը, որպէս Ս. Յարութիւն եկեղեցի գոհութեամբ փառք կը մատուցանեն առ Աստուած։ Հիւրերը հանդիպման ընթացքին Պատրիարք Հօր ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցեցին  նաեւ եկեղեցւոյ եւ թաղային խորհուրդի գործունէութեան մասին։ Այս առիթով իրենց ծրագիրներուն մասին եւս զեկուցեցին։

Մեր Հոգեւոր Պետը փափկավարական այցելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց տէր հօր եւ թաղային խորհուրդի անդամներուն։ Փոխանցուած տեղեկութիւնները եւս լսելով իր հայրական թելադրութիւնները ըրաւ անոնց։ Այս առիթով, հիւրերուն յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2021