ՀՆԱԳՐԱՎԱՃԱՌՆԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՀԱՅ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ
Սեպտեմբեր 17-Հոկտեմբեր 11 թուականներուն միջեւ Թեփեպաշըի հարթակին վրայ տեղի կ՚ունենայ հնագրավաճառներու 9-րդ փառատօնը։ Կազմակերպիչներն են Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը, Իսթանպուլի քաղաքապետութիւնը, «Քիւլթիւր քենթի» հիմնարկն ու Պէյօղլուի քաղաքապետութիւնը։ Բազմաթիւ հնագրավաճառներու առընթեր այս տարի եւս փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Բիւզանդ Աքպաշի ղեկավարած «Թուրքուազ» հնագրավաճառը եւ մեր համայնքի սիրուած անուններէն Գամէր Կէօքչէի «Գամէր» գրատունը, որոնք կը գտնուին Պէյօղ-լուի մէջ։ Ինչպէս անցեալ տարիներուն, մեծ հետաքրքրութիւն վայելեց այս փառատօնը, որու վերջին օրերը նոր առիթ մըն է այցելելու։
Հարկ է նշել, թէ Հոկտեմբեր 10-25 թուականներուն ալ Սկիւտարի ծովեզերքին պիտի սարքուի հնագրավաճառներու երկրորդ փառատօնը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Բիւզանդ Աքպաշի «Թուրքուազ» հնագրավաճառը։ Այս փառատօնը կազմակերպուած է Սկիւտարի քաղաքապետութեան եւ Հնագրավաճառներու միութեան համագործակցութեամբ։
Թրքահայ կեանք
- 06/08/2023