ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ գործող «Հրանդ Տինք» վարժարանի պատասխանատու Արեգնազ Աւագեան, օգնականը՝ Դաւիթ Խաչատրեան եւ աշխատութեանց նիւթապէս ու բարոյապէս սատարող Թալին Հորոզօղլու այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։

Հիւրերը Նորին Սրբազնութեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեցին, որ սոյն դպրոցին նեցուկ կը կանգնի եւ կը բերէ իր օժանդակութիւնը։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին իրենց տարեկան եկամուտին մասին եւ անդրադարձան իրենց կարիքներուն։ Յայտնի դարձաւ, թէ իրենց առաջին եւ կարեւոր կարիքն է ընդարձակ սենեակներու չգոյութիւնը՝ 172 աշակերտներուն հանգիստ ուսում ջամբելու համար։ Իսկ երկրորդ հարցը նիւթականի մասին է։ Բացի իրենց եկամուտէն, անոնք ունին պիւտճէի մեծ բաց մը։

Նորին Սրբազնութիւնը իր ստացած ընդարձակ տեղեկութիւններէն ետք խոստացաւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար ըլլալ՝ հարցերու լուծման համար։ Հիւրերը իրենց ուրախութիւնը, գոհունակութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելով հրաժեշտ առին Պատրիարքարանէն։

Միւս կողմէ, Նար­լը­գա­բո­ւի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րէց Տ. Ե­ղի­շէ Վրդ. Ուչ­քու­նեա­նի, այ­ցե­լեց Պատ­րիար­քա­րան, ուր ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Ար­ք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։

Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը յայտ­նե­ցին, որ յա­ռա­ջի­կայ 18 Հոկ­տեմ­բե­րին պի­տի կա­տա­րո­ւի ե­կե­ղեց­ւոյ մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը։ Այս առ­թիւ պի­տի մա­տու­ցո­ւի հո­գե­հանգստեան Ս. Պա­տա­րագ, ո­րու ա­ւար­տին հանգս­տեան ա­ղօթք­նե­րով պի­տի յի­շո­ւին ե­կե­ղեց­ւոյ հան­գու­ցեալ սա­տա­րող­նե­րը։  Այ­ցե­լու­նե­րը խնդրե­ցին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռոյ հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը եւ տե­ղե­կու­թիւն տո­ւին ի­րենց աշ­խա­տու­թեանց մա­սին։

Սրբա­զան Հայ­րը կա­րո­ղու­թիւն եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց Նար­լը­գա­բո­ւի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն, ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեանց մէ­ջ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015