ՏՕՆԱԿԱՆ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Համայնքային շրջանակները երէկ ժամադրուած էին Գումգաբուի մէջ, ուր Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին, ուր պատարագեց Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Արարողութեան ընթացքին հանդիսադիր տեղապահ սրբազան հայրը տուաւ օր-ւան պատգամը։ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից Պէզճեան սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց տեղապահ սրբազան հայրը, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան եւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։ Մասնակիցներու շարքին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, հասարակական գործիչներ, Գումգաբուի ընտանիքէն պատասխանատուներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ ուսուցչուհի Լեռնա Եաղեազանի հանդիսավարութեամբ։ Ելոյթներով հանդէս եկան Հրանդ Մոսկոֆեան, Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Նայիր։ Թաղային խորհուրդէն Մուրատ Շիրին բացատրութիւններ տուաւ պիւտճէի մասին։ Մայր վարժարանի աշակերտները յայտագրի գեղարուեստական բաժնին բերին խանդավառ մասնակցութիւն, որով ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Պարուսոյց Սուզաննա Տաղճըի հսկողութեան ներքեւ տղաքը ներկայացուցին զանազան պարեր։ Արտասանեցին Ամուր Շիրին, Գարուն Ասլան։ Մեներգներով հանդէս եկան Թայիս Հալաճեան եւ Մուրատ Իչլինալչա։ Տղաքը ներկայացուցին նաեւ արդի պարեր։ Միեւնոյն ժամանակ, դպրոցի սաները հանդէս եկան խմբերգներով։

Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի խօսքով եւ աղօթքով։

         

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2017