Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԱԼԱԹԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ
Շաբաթավերջին մեր հաւատացեալ ժողովուրդին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Պալաթու Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ վրայ։ Հայ բնակչութենէ նօսրացած պատմական թաղի մը մէջ կը գտնուի այս սրբավայրը, որ միշտ հոգեհարազատ ուխտավայրի մը բնոյթը ունեցած էր մեր հաւատացեալներուն տեսակէտէ։ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակին առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ զանազան թաղերէ ուխտաւորներ փութացին Պալաթու եկեղեցին, ուր Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Տիրան Ա. Քհնյ. Րէիսեան։ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ կատարուեցան երգեցողութիւնները՝ ղեկավարութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, դարձեալ Նորին Սրբազնութեան նախագահութեամբ։ Հաւաքոյթի ընթացքին Տ. Տիրան Ա. Քհնյ. Րէիսեան իր մասնաւոր շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը արտայայտեց Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին նկատմամբ, որ ընդառաջած էր իրենց հրաւէրին՝ օրուան երգեցողութիւնները կատարելու համար։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Արամ Գուրան եւ իր ընկերները այս առթիւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Տարեկան անուան տօնախմբութեան մասնակիցներն ալ զօրակցութիւն յայտնեցին թաղային խորհուրդին նկատմամբ՝ որպէսզի վառ մնայ կանթեղը տակաւին բիւզանդական շրջանէն մնացած մեր այս սրբավայրին, որու համալիրէն ներս կը գտնուի նաեւ պատմական լուսաղբիւր մը։