ՓՐՈՖ. ԵՈՀԱՆ ՇԹՐԱՈՒՍ ԽՕՍԵՑԱՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ՄԷՋ

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Սթրազ­պուր­կի հա­մալ­սա­րա­նէն Փրոֆ. Եո­հան Շթրաուս, ո­րու մաս­նա­գի­տու­թիւնն է օս­մա­նեան գրա­կա­նու­թիւ­նը։ Ան խօ­սե­ցաւ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ան­ցեա­լի յատ­կան­շա­կան շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն մէ­կուն՝ Վար­դան փա­շա­յի մա­սին։ Ծա­նօթ է, որ այս վեր­ջի­նը թրքե­րէն ա­ռա­ջին վէ­պին հե­ղի­նակն է, նաեւ հա­յա­տառ թրքե­րէ­նով Նա­փո­լէոն Պո­նա­փար­թի կեան­քի ու գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ գիրք մը հրա­տա­րա­կած է։ Վե­րո­յի­շեալ վէ­պը՝ «Ա­գա­պի»ն ալ ար­դէն նոյն­պէս հա­յա­տառ թրքե­րէ­նով հրա­տա­րա­կուած է, ինչ որ պատ­մա­կան շատ ու­շագ­րաւ ե­րե­ւոյթ մը կը հա­մա­րուի։ Վար­դան փա­շա եր­կար ու բեղմ­նա­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցած է նաեւ ա­կա­դե­մա­կան կեան­քէ ներս՝ օս­մա­նեան շրջա­նին։

Փրոֆ. Եո­հան Շթրաուս հե­տաքրք­րա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով ներ­կա­յա­ցուց Վար­դան փա­շա­յին կեան­քը՝ ֆրան­սե­րէ­նով։ Ի­րեն կ՚ու­ղեկ­ցէր Ֆրան­սա­յի՝ Ա­րե­ւե­լեան լե­զու­նե­րու եւ քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին կա­ճա­ռէն Փը­նար Քա­րա­քըլ­չըք, որ ե­լոյ­թը թարգ­մա­նեց թրքե­րէ­նի։

Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, վար­ժա­րա­նի լի­սէի եւ միջ­նա­կար­գի բա­ժին­նե­րու տնօ­րէ­նու­հի­նե­րը՝ Ե­ւա Օ­րա­գեան եւ Էլ­տա Գա­րա­կէօ­զեան, Սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Վար­դան Պալ­մում­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նէն կրթա­կան մշակ­ներ եւ այլք։ Յա­նուն Մխի­թա­րեա­նի ըն­տա­նի­քին հիւ­րը ող­ջու­նեց վար­ժա­րա­նի հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ, բա­նա­սէր ու ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբա­գիր Սե­ւան Տէ­յիր­մէն­ճեան։ Ա­ւար­տին Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեանն ալ հան­դէս ե­կաւ հա­կիրճ շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քով մը եւ յու­շա­նուէր մը յանձ­նեց հիւ­րին։

Միւս կող­մէ, Փրոֆ. Եո­հան Շթրաուս ե­րէկ յար­գան­քի այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Վար­դան փա­շա­յի շի­րի­մը, որ կը գտնուի Շիշ­լիի հայ կա­թո­ղի­կէ գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։

*

Ծ.Խ.- Շա­բա­թա­վեր­ջի այս կա­րե­ւոր ձեռ­նար­կը դժբախ­տա­բար սահ­մա­նա­փակ շրջա­նա­կի մը մէջ մնաց։ Ե­թէ Մխի­թա­րեա­նի ըն­տա­նի­քին կող­մէ գրա­սէր­նե­րուն ուղ­ղեալ հրա­ւէր մը ըլ­լար մա­մու­լի մի­ջո­ցաւ, վստա­հա­բար ա­ւե­լի բարձր թի­ւով հե­տաքր­քիր­ներ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կրնա­յին ու­նե­նալ օգ­տուե­լու այս ա­ռի­թէն։

 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2015