«ՈՄԱՆՔ» ՀԱՄԵՐԳՆԵՐՈՎ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին ա­ռըն­թեր գոր­ծող Մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու յանձ­նա­խում­բին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս թա­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ո­մանք» խում­բին հա­մեր­գը։ Եր­կու հանգ­րուան­նե­րով ձեռ­նարկ մըն էր այս մէ­կը։ «Ո­մանք» նախ հան­դէս ե­կաւ ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար, սա ցե­րե­կոյթ մըն էր։ Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան ալ հա­մեր­գը կրկնուե­ցաւ բո­լոր թա­ղե­ցի­նե­րուն հա­մար։ Ներ­կայ էին հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան եւ ե­րէց­կին Թա­նիա Ու­զու­նեան, Պա­քըր­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­միր եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­շըք, տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ, կրթա­կան մշակ­ներ, թա­ղե­ցի­ներ եւ ե­րաժշ­տա­սէր­ներ։ Ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց նա­խա­ձեռ­նարկ յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պե­տու­հի Հեր­մի­նէ Պէն­լիօղ­լու։

«Ո­մանք»ի տղա­քը՝ Ա­րի Հեր­կել, Սա­րօ Ուս­տա, Ռու­բէն Մել­քի­սէ­թօղ­լու, Թա­յիս Եըլ­տըզ­ճը, Իլ­քէմ Պալ­սէ­չէն եւ Լա­րա Նա­րին խան­դա­վառ պա­հեր պար­գե­ւե­ցին բո­լոր ունկն­դիր­նե­րուն։ Ներ­կա­նե­րը ա­տեն-ա­տեն «Ո­մանք»ի կա­տա­րում­նե­րուն զու­գա­հեռ պար բռնե­ցին՝ Յա­կոբ եւ Նա­րօտ Կիւ­լէչ պա­րու­սոյց ա­մո­լի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016