ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐ «ԷՐԱՍՄՈՒՍ» ԾՐԱԳՐԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ ՇՐՋԱԳԾՈՎ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ
Հունգարիոյ Տեպրէճէն քաղաքին մէջ Էսաեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս հերթական անգամ մասնակցեցան «Էրասմուս» ծրագրին շրջագծով աշխատանքի մը։ «Եւրոպական աշխատանքային շուկայ երիտասարդներու համար» խորագրեալ նախագծին մասնակցութիւն բերին Նայիրի Պիւյիւքսիմքէշեան, Սեւակ Պիւյիւքսիմքէշեան, Սելին Պապասըզ եւ Թալիա Կեւիք։ Աշակերտներուն ընկերացան ուսուցչուհիներ՝ Եւա Պիւյիւքսիմքէշեան եւ Ալիս Տատըրօղլու։
Եւրոպայի զանազան երկիրներէն փութացած երիտասարդներ այս հաւաքին շրջագծով հետաքրքրական աշխատանք տարին, միեւնոյն ժամանակ իրենց փորձառութիւններն ու մօտեցումները փոխանակելու զուգահեռ ձեռք բերին նոր բարեկամութիւններ։ Աշխատանքային փուլերու կողքին երիտասարդներուն տեսակէտէ հետաքրքրական էին նաեւ կազմակերպուած ընկերային ձեռնարկները։
Էսաեանցիները ուղեւորութեան շրջագծով հնարաւորութիւն ունեցան օր մըն ալ անցընելու մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ, ուր կարելի չափով ծանօթացան պատմամշակութային տեսարժան վայրերու։
Անոնք այս նախագծի յաջորդ փուլին նման հաւաքի մը պիտի մասնակցին նաեւ Գերմանիոյ մէջ։