ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿ, ՆՈՐ ԵՌԱՆԴ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բը 2016-2017 շրջա­նի գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն ձեռ­նար­կած է լուրջ թա­փով։ Ծա­նօթ է, որ մինչ մէկ կող­մէ ա­կում­բի խում­բե­րը պայ­քար կը մղեն ի­րենց դա­սա­ւո­րում­նե­րէն ներս, զու­գա­հե­ռա­բար յա­ռաջ կը տա­րուին պաս­քեթ­պո­լի, վո­լէյ­պո­լի եւ ճատ­րա­կի դա­սըն­թացք­նե­րը։ Ա­կում­բի վար­չու­թիւ­նը այս դա­սըն­թացք­նե­րը որ­դեգ­րած է որ­պէս ա­ռաջ­նա­հերթ ուղ­ղու­թիւն։ Պա­տա­նի մար­զիկ­նե­րուն պատ­րաս­տու­թիւ­նը կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ թէ՛ Շիշ­լիի ա­պա­գա­յին տե­սա­կէ­տէ եւ թէ ըն­կե­րա­յին կա­րե­ւոր յանձ­նա­ռու­թիւն մը կը հա­մա­րուի մեր հա­մայն­քի տե­սան­կիւ­նէն։

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ այս տա­րի պաս­քեթ­պո­լի, վո­լէյ­պո­լի եւ ճատ­րա­կի ձմրան դա­սըն­թացք­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ 450 ա­շա­կերտ։ Թէ՛ Շիշ­լի մար­զա­կում­բին եւ թէ Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի «Եդ­քին Պէր­պէ­րօղ­լու» մար­զաս­րա­հին մէջ յա­ռաջ կը տա­րուին աշ­խա­տանք­նե­րը՝ փոր­ձա­ռու մար­զիկ­նե­րու վե­րահս­կո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Դա­սըն­թացք­նե­րուն մաս­նա­կից ե­րի­տա­սարդ մար­զիկ­նե­րուն հա­մար ըն­կե­րա­յին զա­նա­զան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ալ կ՚ըն­ձե­ռուին։ Այս­պէ­սով տղա­քը ի­րենց ծնող­նե­րուն հետ ձեռ­նարկ­նե­րու մաս­նակ­ցե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նան։

ՊԱՍ­ՔԵԹ­ՊՈԼ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բը այս տա­րի պաս­քեթ­պո­լի չորս խում­բե­րով Իս­թան­պու­լի մէջ կը մաս­նակ­ցի մրցում­նե­րուն։ Քա­ռա­սուն մար­զիկ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ այս կազ­մը կը ներ­կա­յաց­նէ Շիշ­լին։ Չորս խում­բերն ալ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան լուրջ աշ­խա­տանք­ներ յա­ռաջ կը տա­նին նոր ե­ղա­նա­կին յա­ջո­ղու­թեան հաս­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

ՎՈ­ԼԷՅ­ՊՈԼ

Վո­լէյ­պո­լի մէջ Շիշ­լի այս տա­րի պայ­քար պի­տի մղէ ե­րեք խում­բե­րով։ Ե­րե­սու­նինն մար­զիկ­ներ զա­նա­զան խում­բա­ւո­րում­նե­րու մէջ պի­տի ներ­կա­յաց­նեն ա­կում­բը եւ ա­նոնք եւս բարձր տրա­մադ­րու­թիւ­նով յա­ռաջ կը տա­նին ի­րենց պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը։

ՃԱՏ­ՐԱԿ

Ճատ­րա­կը այն մար­զա­ձեւն է, ո­րու մէջ Շիշ­լի ու­նե­ցած է փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։ Բո­լոր տա­րի­քա­յին դա­սա­ւո­րում­նե­րուն մէջ շիշ­լի­ցի­նե­րը ար­դէն մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին հա­սած են փայ­լուն նուա­ճում­նե­րու եւ ա­պա­գա­յի վե­րա­բե­րեալ ու­նին յա­ւակ­նոտ սպա­սում­ներ։

Միւս կող­մէ, նա­խըն­թաց օր Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Թուր­քիոյ Ճատ­րա­կի դաշ­նակ­ցու­թեան հեր­թա­կան հա­մա­գու­մա­րը։ Շիշ­լի մար­զա­կում­բին ա­նու­նով հա­մա­գու­մա­րին մաս­նակ­ցե­ցաւ Վար­չու­թեան փոխ-ա­տե­նա­պետ Պերճ Թէր­զեան։ Հա­մա­գու­մա­րի ար­դիւն­քին Կիւլ­քըզ Թու­լայ վե­րընտ­րուե­ցաւ Թուր­քիոյ Ճատ­րա­կի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գահ՝ 134 քուէով։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016