ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Վազգէն Ծ. Վրդ. Գարայեանը, որ նախկին պոլսահայ մըն է։ Հայր սուրբը տխուր առիթով մը կ՚այցելէ քաղաքս՝ իր եղբօր յուղարկաւորութեան առթիւ։ Ան առիթէն օգտուելով քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ իրեն յայտնեց ցաւակցութիւններ ու մաղթեց մխիթարութիւն։

Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին եղբայրական ողջոյններ յղեց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆնտըքեանին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2021