«ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ «ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որ կազմակերպուած էր «Արաս» հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, «Արաս» հրատարակչատունը միջոցէ մը ի վեր կը հրատարակէ՝ անմոռանալի պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի՝ «Պատմական քաղաքներ եւ հայեր» խորագրեալ շարքի գիրքերուն թրքերէն թարգմանութիւնները։ Երէկուան շնորհանդէսին խոշորացոյցի տակ առնուեցաւ վերոյիշեալ շարքէն լոյս տեսած Սեբաստիոյ վերաբերեալ գործը։

Հետաքրքիրներու հոծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ շնորհանդէսին, որու ընթացքին բացի «Արաս»ի հրատարակչութեան տնօրէն Նեսրին Ուչարլարէն արտայայտուեցաւ նաեւ Զաքարիա Միլտանօղլու։

Ելոյթներու աւարտին ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան նաեւ ատենախօսներուն հարցումներ ուղղելու։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 9, 2024