ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՄԷՋ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ

Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րուն կող­մէ տա­րա­ծուած Տի­րա­մայր Մա­րի Մու­թա­ֆեա­նի վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը այ­սօր ար­ձա­գանգ գտած է «Սա­պահ» օ­րա­թեր­թին մէջ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, մեր հա­մայն­քէն խումբ մը ան­հատ­ներ վեր­ջերս դա­տա­կան մար­մին­նե­րուն մօտ դի­մում ներ­կա­յա­ցու­ցած էին՝ որ­պէս­զի Տի­րա­մայր Մա­րի Մու­թա­ֆեան խնա­մա­տար նշա­նա­կուի Մու­թա­ֆեան Պատ­րիար­քին հա­մար, որ շուրջ ինն տա­րիէ ի վեր հի­ւանդ ըլ­լա­լով ի զօ­րու չէ կա­տա­րել իր պաշ­տօ­նը։ Յի­շեալ թեր­թը տի­րա­մօր յայ­տա­րա­րու­թե­նէն մէջ­բե­րած է մաս­նա­ւո­րա­պէս այն ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, ըստ ո­րոնց Մա­րի Մու­թա­ֆեան տե­ղեակ չէ ե­ղած այդ նա­խա­ձեռ­նու­թե­նէն եւ չէ տուած հա­ւա­նու­թիւն։ 80-ա­կան տա­րե­կան­նե­րուն ան իր ըն­տա­նի­քին հետ կ՚ապ­րի ող­բեր­գու­թիւն մը, ո­րու պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը զար­մանք ու ցաւ կը պատ­ճա­ռէ ի­րեն։ Ա­ռանց իր հա­ւա­նու­թեան կա­տա­րուած նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը Մա­րի Մու­թա­ֆեա­նի կող­մէ ո­րա­կուած են վի­րա­ւո­րա­կան՝ իր եւ իր ըն­տա­նի­քին տե­սա­կէ­տէ։

Թեր­թը մէջ­բե­րած է նաեւ Մա­րի Մու­թա­ֆեա­նի այն մօ­տե­ցու­մը, թէ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան խնդի­րը պէտք չէ ա­ռար­կայ դար­ձուի հա­մայն­քի ներ­քին ազ­դե­ցու­թեան պայ­քար­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2015