ԷՐՏՈՂԱՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ՄԷՋ ՇԵՇՏԸ ԴՐԱՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Ամանորի առթիւ հրապարակեց պատգամ մը։ Ան յայտնեց, որ Թուրքիա դիրք կը գրաւէ խաղաղութեան շարքին։ Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիա որեւէ պետութեան տարածքին կամ գերիշխանութեան վրայ աչք չունի։

«Մեր երկիրը տարածքաշրջանի դէպքերու պատասխանատուն չէ, զոհն ալ պիտի չըլլայ։ Մենք մեր տարածքաշրջանին հետ միասին, ամբողջ աշխարհի մէջ կայունութեան, արդարութեան, հանդուրժողութեան եւ խաղաղութեան կողքին դիրք կը գրաւենք։ Մեր միակ նպատակն է մեր ազգին ու մեր տարածքաշրջանի բնակիչ եղբայրներուն համար ապահովել անդորրութիւն եւ անվտանգ ապագայ մը», նշեց նախագահ Էրտողան տարեմուտի պատգամին մէջ։

Երեքշաբթի, Յունուար 1, 2019