ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԸ ԼՈՒՍԱԲԱՑԸ

Թրքահայութիւնը 2019 թուականը ողջունեց մեծ խանդավառութեամբ։ Նոր տարուան մը լուսաբացին մեր համայնքի անդամները համախմբուեցան թարմ յոյսերով՝ անկեղծ բարեմաղթանքներու փոխանակումով։ Ամանորը ընդհանրապէս դիմաւորուեցաւ աւանդական դարձած տօնական հաւաքոյթներով։ Մեր զանազան հաստատութիւնները լայն բացին իրենց դռները եւ անոնց երդիքին տակ կազմակերպուած հաւաքոյթները մեր ժողովուրդը հերթական անգամ հաղորդ դարձուցին տօնական հրճուանքին։ Կաղանդը եկաւ ձեւով մը փոխել մեր հաւաքական կեանքի մթնոլորտը, բարձրացուց մեր համայնքի տրամադրութիւնը՝ մանաւանդ, որ յառաջիկայ օրերուն մեր ժողովուրդի անդամները կը պատրաստուին զիրար ողջունել Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Ծննդեան աւետիսով։

2019 թուականի տարեմուտին մեր համայնքէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկներու շարքին առանձնացաւ Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած խրախճանքը, որ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Շիշլիի Marriott պանդոկին մէջ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած էր այս խրախճանքը, որ յոյս ներշնչեց մեր համայնքէն ներս միասնականութեան ու բարի կամեցողութեան զօրակցութեան ուղղութեամբ։ Երեկոյթի բոլոր ծախսերը դիմագրաւուած էին յայտնի համայնքային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլի կողմէ։

18-32 տարեկան աւելի քան 600 երիտասարդներ համախմբուեցան այս խրախճանքին առթիւ։ Արձանագրութիւնները արդէն փակուած էին շուրջ մէկուկէս ամիս առաջ։ Նկատի ունենալով ստեղծուած հետաքրքրութիւնը՝ բոլորը ուշադրութեամբ կը սպասէին այդ խրախճանքին։ Արդիւնքին, սպասումները արդարացան շնորհիւ Երիտասարդաց յանձնախումբի անդամներուն եւ անոնց գլխաւորութեամբ այս խրախճանքին համար կազմակերպուած կարգադիր յանձնախումբի ջանքերով։

Այս խրախճանքի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբի ատենապետ Արի Չոլաք եւ ատենադպրուհի Սէրլի Սեդա Նշանեան։ Սրտի խօսքեր արտասանեցին նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ յուշանուէր մըն ալ յանձնեց Տիգրան Կիւլմէզկիլին՝ գնահատելով իր կողմէ բերուած նպաստը։ Բաց աստի, նորին սրբազնութեան ձեռամբ շնորհակալագրեր ստացան՝ Արի Չոլաք, Սէրլի Սեդա Նշանեան, Տիգրան Պեսքիսիզեան, Պեռնար Թէրզեան, Նորա Քումրալ, Մուրատ Տուվարճը, Մուրատ Քէօշկէր, Նարօտ Շիմշէք, Արէտ Տեմիրճի, Միքայէլ Ուլութաշ, Յարութիւն Քուրան եւ Այգուն Խաչիկօղլու։

Խրախճանքի տեւողութեան երիտասարդները զուարճացան երաժշտական յայտագրով։ Անոնք միասնաբար ընթրեցին՝ հետեւելով Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի ելոյթին։ Որպէս նուէր իրենց յանձնուեցան Պատրիարքական Աթոռին կողմէ պատրաստուած խաչերը։ Անմիջական զրոյցի մթնոլորտին մէջ տղաքը հետեւեցան նաեւ կազմակերպուած ամանորեան վիճակահանութեան։

Այսպէսով, թրքահայ երիտասարդութիւնը 2019 թուականը դիմաւորեց ամրապնդելով շարքերը եւ վայելելով Պատրիարքական Աթոռի օրհնութիւնը։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 1, 2019